Որոնել

Չինաստանի եկեղեցւոյ նուիրուած աղօթքի օր։ Չինաստանի եկեղեցւոյ նուիրուած աղօթքի օր։  

«Աղօթենք Չինաստանի Կաթողիկէներուն համար». Ֆրանչիսկոս Պապին 24 մայիսի թուիթը։

Չինաստանի մէջ այսօր կը յիշատակուի «Քրիստոնէից օգնութիւն» Շեշանի Տիրամօր տօնը, որ է նաեւ Չինաստանի Եկեղեցւոյ նուիրուած աղօթքի օր։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աղօթենք Չինաստանի Կաթողիկէներուն համար։ Թող որ ՇԵշանի Սուրբ Կոյսը՝ օգնէ անոնց, որպէսի իրենց հաւատքը վկայեն, տիեզերական եկեղեցւոյ հետ հաղորդութեամբ, ու յառաջ ընթանան միութեան մէջ, հակառակ դժուարութիւններուն ու վէրքերուն, վստահութիւն ունենալով այն յոյսին վրայ՝ որ երբեք յուսախափ չի թողուր»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 24 Մայիս 2019-ին  հրապարակած թուիթը, Չինաստանի մէջ յիշատակուող «Քրիստոնէից օգնութիւն» Շեշանի Տիրամօր տօնին առթիւ, որ է նաեւ Չինաստանի Եկեղեցւոյ նուիրուած աղօթքի օր։

Ունկնդրէ լուրը

Այս ուղղութեամբ յիշեցնենք որ անցեալ չորեքշաբթի՝ 22 մայիսի հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղած էր այս առնչութեամբ, իր մօտիկութիւնը յայտնելով Չինաստանի բոլոր կաթողիկէներուն, որոնք, ըսած էր Ան, «իրենց առօրեայ յոգնութիւններու եւ դժուարութիւններուն մէջ կը շարունակեն հաւատալ, վկայել եւ սիրել»։

«Չինաստանի սիրելի հաւատացեալներ, մեր Երկնաւոր Մայրը թող բոլորիդ օգնէ՝ սիրոյ, եղբայրութեան վկաները ըլլալու եւ միշտ միացած մնալու տիեզերական եկեղեցւոյ հաղորդութեան մէջ: Ձեզ կ՝օրհնեմ ապահովելով իմ աղօթքս» ըսած էր այդ առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2019, 11:00