Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին . Ռումանիոյ մէջ ֆրանչիսկոս Պապ պիտի յիշէ Եւրոպայի քրիստոնէական արմատները:

1999-ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը այցելած էր Ռումանիան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին  Ռումանիա  կատարելիք երեքօրեայ 36-րդ  առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին, Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փարոլին, «Վատիկան նիւզ»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց,  թէ   մեծ սպասումով եւ խանդավառութեամբ համակուած է Ռումանիոյ ժողովուրդը:  ֆրանչիսկոս Պապ , հետեւելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս  Պապին շուքին,  Ռումանացի ժողովուրդին պիտի փոխանցէ քաջութեան եւ միութեան պատգամը:

Ֆրանչիսկոս Պապի դէպի Ռումանիա առաքելական ճամբորդութեան խորհրդանիշը ունի մարեմեան բնոյթ:  

Անդրադառնալով այդ Մաերմեան բնոյթ ունեցող խորհրդանիշին,  Կարդինալ Փարոլին յայտնեց  թէ  Ֆրանչիսկոս Պապի Ռումանիա կատարելիք  ճամբորդութիւնը կը զուգադիպի  Լատին եկեղեցւոյ Տիրամօր ՝Եղիսաբեթի տուած այցելութեան տօնին:

 Տիրամայրը ճամբորդութեան  կ՝ելլէ ծառայելու եւ այցելելու համար իր զարմուհիին՝ Եղիսաբեթին :   Ֆրանչիսկոս Պապ այս  միեւնոյն կեցուածքով ու հոգիով,   իբր ուխտաւոր կը մեկնի Ռումանիա, կիսելու համար երկրի քրիստոնեայ հասարակութիւններուն հաւատքի  ուղեւորութիւնը : Ան  իբր հովիւ պիտի  քաջքերէ  իր եղբայրներն ու քոյրերը  հաստատ մնալու   իրենց հաւատքին մէջ  :   Սրբազան Հայրը , սիրոյ վկայութիւն պիտի տայ յատկապէս  երիտասարդներուն,  զանոնք հրաւիրելով նպաստելու հանդիպումի մշակոյթին,   մշակոյթ մը  որ թոյլ կու տայ  միասին  գտնուելու,   պատմական ժամանակահատուածի մը  մէջ ուր գերադասուած են բաժանումներն  ու հակառակութիւնները:   

Ֆրանչիսկոս Պապի առաքելական ճամբորդութիւնը, համամիութենական բնոյթ ունեցող այցելութիւն է:  

Վատիկանի Պետական քարտուղարը   յիշեց 20 տարի առաջ՝ 1999-ին, սուրբ Յովհանէս Պօղոս Բ պապի Ռումանիա կատարած ճամբորդութիւնը, նկատել տալով որ այդ ճամբորդութիւնը պատմական էր , որովհետեւ դուռ բացաւ մեծամասնութեամբ Օրթոտոքս հաւատացեալներով բնակուած երկիրներ այցելելու:     Ֆրանչիսկոս Պապի սոյն   այցելութիւնը տեղի կ՝ունենայ  այդ շուքին ներքոյ եւ այս իմաստով կ՝ուզէ ըլլայ  յաւելեալ  քայլ՝  դէպի համամիութիւն:

Ռումանիոյ մէջ կան բազմաթիւ տարբեր ցեղերէ կազմուած հասարակութիւններ,  որոնց շարքին  փոքրամասնութիւն նկատուող Հունգարացի եւ Հայ  հասարակութիւններ  

Վատիկանի Պետական քարտուղար ակնարկելով  Ռումանիոյ մէջ  փոքրամասնութիւն կազմող  Հունգարացիներուն «Սումուլէու Չուք» մարեմեան սրբավայր կատարելիք՝ ֆրանչիսկոս Պապին այցելութեան,  ընդգծեց թէ Ռումանիան հարուստ է տարբեր ցեղերէ կազմուած   հասարակութիւն ներերով:  Ռումանիոյ մէջ  կան  տարբեր լեզուներով՝     Ոումաներէն,  Լեհերէն ,  հունգարերէն   կաթողիկէ հաւատացեալներ,  որոնք կը  կը հետեւին լատին ծէսին  : Կայ նաւ հայ հասարակութիւն եւ  մեծամասնութիւն նկատուող տարբեր  ցեղերէ  օրթոտոքս հաւատացեալներ:      

Ֆրանչիսկոս Պապ,  այդ հարուստ  բազմազան հասարակութիւններու երկրին մէջ կոչ պիտի ուղղէ երկրի ներքին միութեան ի խնդիր: Տիրամօր նուիրուած  սրբավայրին մէջ,   ֆրանչիսկոս Պապին՝ միասնաբար ընթանալու կոչը  մեծ  արձականք պիտի գտնէ  Տիրամօր նուիրուած սրբավայրէն ներս,  կոչ՝   յաղթահայելու պատմական բաժանումներն  ու վերստի միասին գտնուելու բոլորիս կողմէ կիսուած հաւատքին միութեան մէջ:

Վերադառնալ Եւրոպայի քրիստոնէական արմատներուն:  

Հարցազրոյցի աւարտին, Կարդինալ Փարոլին դիտել տալով,  որ Ռումանիան իր պատմութեան ընթացքին  ապրած է դժուար պահեր. ենթարկուած է օտարներուն տիրապետութեան տակ,     ապրած է  անաստուածութեան երկար ժամանակաշրջան,  սակայն 2007-ին մաս կազմելով Եւրոպական միութեան,   մեծապէս նպաստած է  իր սեփական  մշակութային ճարանգութեամբ : 

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի յիշէ Եւրոպայի քրիստոնէական հիմնական   մարդու արժանապատուութեան եւ  զօրակցութեան արժանիքները:  

Ան  Ռումանիոյ ժողովուրդը պիտի  քաջալերէ,   իրենց սեփական հարուստ ժառանգութեամբ շարունակելու նպաստել Եւրոպայի կառուցման՝ հիմնուած  քրիստոնէական հիմնական արժանիքներուն վրայ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2019, 16:00