Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլինի հարցազրոյցը Չինական Global Times օրաթերթին հետ:

Յոյսով ենք որ պարբերաբար պիտի կարենանք հասնիլ շօշափելի արդիւնքներու:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ի տես Չինաստանի մէջ զատկուան տօնակատարութիւններուն որոնք, տեղի ունեցան խաղաղ մթնոլորտի մէջ եւ ի տես Չինաստանի մէջ կայացած միջազգային հողամշակոյթի ցուցահանդէսին, որուն Վատիկանը ներկայ գտնուեցաւ իր տաղաւարով, Վատիկանի պետական քարտուղարը Global Times օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է վերջերս Չինաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ կնքուած ժամանակաւոր համաձայնութեան:

Ծիրանաւորը հարցազրոյցի ընթացքին դրապէս արտայայտուած է Չինաստան – Վատիկան յարաբերութեան մասին, ընդգծելով եւ մեկնակէտ նկատելով երկխօսութեան կարեւորութիւնը, նշելով որ թէ երկու կողմերը քաջ գիտակից են, թէ երկխօսութիւնը նպատակ եւ մեկնակէտ է երկու պետութիւններու երկար ուղեւորութեան համար :
Ան ապա վստահութիւնը յայտնած այն առումո,վ որ այժմ կարելի է երկու պետութիւններուն միջեւ աւելի ընդլայնուած համագործակցութեան հանգրուան մը բացուի՝ Չինաստանի կաթողիկէ եւ համայն ընկերութեան համերաշխութեան ի սպաս:

Ծիրանաւորը ապա պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, հայող ՝ համաշխարհային գետնին վրայ դիմագրաւելիք հարցերուն ու անոնց լուծման համար՝ Չինաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ միասնական հաւանական գործակցութեան:

Վատիկանի Պետական քարտուղարը  նշած է,  թէ այսօր քան երբեք, գոյ են համաշխարհային մարտահրաւէրներ, որոնց դիմագրաւելու համար կարօտը կան միասնական դրական համագործակցութեան: Ան թուեց խաղաղութեան մեծ մարտահրաւէրներ, աղքատութեան դէմ պայքարը, կլիմայի փոփոխութեան հայող հարցեր, ժողովուրդներու տնտեսական եւ բարոյական խթանումի հայող հարցեր:
Կարդինալ Փարոլին ընդգծեց,  թէ Սուրբ Աթոռին համար կարեւոր է,  որ այդ բոլոր մարտահրաւէրներուն մէջ առաջնակարգ տեղ զետեղուի մարդու արժանապատուութիւնը՝ սկսեալ մարդու հիմնական իրաւունքներուն ճանաչումէն, ներառեալ կրօնական ազատութիւնը, հասարակաց բարիքը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր անհատի բարիքը: Այս բորորը ընդարձակ հորիզոններ են, որ այսօր քան երբեք կարօտը ունին միասնական յանձնարարութեան բոլորին կողմէ՝ հաւատացեալներու եւ ոչ հաւատացեալներուն: ըսաւ Վատիկանի պետական քարտուղարը աւելցնելով , Սուրբ Աթոռը կը շարունակէ իր մասնակցութիւնը բերելմիջազգային գետնի վրայ եւ պատրաստակամ է ամէն տեսակ ծրագիրներու, որոնք կը հային հասարակաց բարիքի զարգացման::

Հարցազրոյցի աւարտին Կարդինալ Փարոլին փոխանցելով Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյններն ու ապահովեցնելով աղօթքը համայն Չինացի ժողովուրդին համար, նկատել տուաւ, որ Ֆրանչիսկոս Պապ, յատուկէն կաթողիկէներէն կը կը խնդրէ , որ քաջութեամբ յարատեւեն միութեան, համերաշխութեան եւ աւետարանումի ուղիին վրայ,    դիտել տալով նաեւ , որ Ֆրանչիսկոս Պապ Չինաստանին կը նայի ոչ միայն իբր մեծ երկիր մը՝ այլ իբր մշակոյթով եւ իմաստութեամբ հարուստ երկիր մը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2019, 11:28