Որոնել

Պուրքինա Ֆազոյի Ուակատօուկու շրջանը Պուրքինա Ֆազոյի Ուակատօուկու շրջանը 

Պուրքինա Ֆազոյի մէկ բողոքական եկեղեցւոյ դէմ յարձակում. Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը։

2015-ի վեր Պուրքինա Ֆազոյի մէջ «Ալնասրըլ իսլամ» իսլամ ծայրայեղականներու խմբակցութեան զոհ եղած են 250 անձ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ֆրանչիսկոս Պապ վիշտով իմացաւ Պուրքինա Ֆազոյի մէկ բողոքական եկեղեցւոյ դէմ գործադրուած յարձակումի լուրը։ Ան կ՛աղօթէ զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն համար ինչպէս նաեւ Երկրին համայն քրիստոնեայ հասարակութեան համար»։ Այս խօսքերով է որ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն՝ Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի Վատիկան Նիուզ վատիկանեան  լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Պուրքինա Ֆազոյի Սիլկատժի շրջանի բողոքական եկեղեցւոյ մէջ  անցեալ կիրակի պատահած ոճրագործ արարքին որուն զոհ եղան տեղական պատուելին Փիթր Ուետրաօկոն, անոր զաւակներէն երկուքը ու երեք հաւատացեալներ։

Ունկնդրէ լուրը

Վերջին շրջանին Պուրքինա Ֆազոյի մէջ իսլամական ծայրայեղներու ոճրագործ արարքները աճում արձանագրած են, անցեալ ուրբաթ  օր այլ յարձակում մը կտարուեցաւ նաեւ Մայթակու շրջանին մէջ որուն ընթացքին սպաննուեցան վեց ուսուցիչներ։  Մինչ անցեալ 5 ապրիլին, Խաչի ճանապարհի արարողութեան ընթացքին Տորի թեմին պատկան կաթողիկէ մէկ եկեղեցւոյ մէջ այլ ահաբեկչական արարքի մը ընթացքին սպաննուեցան վեց հաւատացեալներ։

2015-ի վեր Պուրքինա Ֆազոյի մէջ «Ալնասրըլ իսլամ» իսլամ ծայրայեղականներու խմբակցութեան զոհ եղած են 250  անձ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2019, 08:11