Որոնել

Կարդինալ Սանտրիին հովուական այցը Փրակա։ Կարդինալ Սանտրիին հովուական այցը Փրակա։  

Կարդինալ Սանտրիին հովուական այցը Փրակա։

Կիրակի 7 ապրիլ 2019-ին վերջ գտաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի Փրակա կատարած երկօրեայ հովուական այցելութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ընդառաջելով Չեխիոյ հանրապետութեան Սլավ-բիւզանդական ծէսին պատկան հաւատացեալներու առաքելական էկզարք՝ գերապայծառ Լատիսլաւ Հուքոյինհրաւէրին, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի երկու օր տեւողութեամբ հովուական այցելութիւն կատարեց Փրակա, այցելութիւնը եզրափակելով  Էկզարգութեան՝ Սուրբ Կղէմէս Քահանայապետին ու մարտիրոսին նուիրուած  Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցած սուրբ պատարագով, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Ծիրանաւորը յիշեց Արեւելեան Եւրոպային մէջ բնակող հաւատացեալներուն,  անցեալ դարուն մէջ կրած հալածանքները,  մատնանշելով այդ հաւատացեալներէն շատերուն, «որոնք ընտրեցին մարտիրոսութեան ճամբան» ըսան Ան եւ «որուն շնորհիւ հաւատքի թանկարժէք գանձը պահպանուեցաւ ու փոխանցուեցաւ սերունդէ սերունդ»։

Ունկնդրէ լուրը

Ասկէ մեկնելով Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը նշեց թէ «հակառակ որ անցած են բազմաթիւ տարիներ, այսօր եւս  հաւատացեալները կանչուած են ապրելու ազատութեան մարտահրաւէրը, սկսեալ ընտանիքներէն»։ Ան հարց տուաւ «ո՞րքանով այսօր, վերագտնուած այս ազատութեան մէջ,  մենք կարող ենք  Աստուծոյ մասին խօսիլ մեր ընտանիքներէն ներս» եւ այս առընչութեամբ հրաւիրեց բոլոր ներկաները լաւապէս պատրաստուելու Յիսուսի Յարութեան տօնին, Աւետարանը դարձնելով առօրեայի ապրում, եղբայրսիրութեան, աղքատներու նկատմամբ  զօրակցութեան, ու նոր սերունդներուն վերապահուած  դաստիարակութեան կիրքով։

Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը՝ ապա հաւատացեալներն ու կղերական դասը  հրաւիրեց ապրելու միութեան մէջ, հակառակ տարբերութիւններուն, Սուրբ Պօղոսի խօսքերով հաստատելով թէ «բոլորս Քրիստոսի կը պատկանինք»։

Փրակա կեցութեան ընթացքին, Կարդինալ Սանտրի առիթ ունեցաւ հանդիպում ունենալու կղերական դասին հետ, որուն առթիւ քաջալերեց զանոնք  ի սիրտ ունենալու միշտ առաքելութիւնը եւ Աւետարանի վկայութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2019, 11:14