Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Մոզամբիկ, Մատակասկարն ու Մաուրիցիոն Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Մոզամբիկ, Մատակասկարն ու Մաուրիցիոն 

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Մոզամբիկ, Մատակասկարն ու Մաուրիցիոն։

4-10 սեպտեմբեր Սրբազան Հայրը առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Մոզամպիք, Մատակասկար եւ Մաուրիցիօ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ընկալելով համապատասխան Պետական Ղեկավարներու ու եպիսկոպոսներու հրաւէրը, Ֆրանսչիկոս Սրբազան Քահանայապետը, 4- 10 սեպտեմբեր 2019-ին, առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Մոզամպիք, Մատակասկար եւ Մաուրիցիօ, այցելելով Մոզամբիկի Մափութօ քաղաքը, Մատակասկարի Անթանարիվօ քաղաքը եւ Մաուրիցիոյի Փոր Լուիս քաղաքը»։ Լուրը կը յայտարարէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն՝ Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի նշելով նեաւ որ ճամբորդութեան յայտագիրը պիտի հրապարակուի յետագայ օրերուն։

Մոզամբիկ այցելութեան նշանաբանն է «Յոյս, խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն», Մատակասկարի նշանաբանը՝ «Յոյս եւ խաղաղութիւն սերմանող», մինչ Մաուրիցիոյի նշանաբանն է «Խաղաղութեան ուխտաւոր»։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2019, 12:18