Որոնել

Անսանք երկրին աղաղակին Անսանք երկրին աղաղակին 

«Անսանք երկրին աղաղակին» Ֆրանչիսկոս Պապին 3 մարտի թուիթը։

Այսօր կը նշուի ՄԱԿ-ի կողմէ հռչակուած Վայրի Բնութեան Համաշխարհային օրը։

Մարտի 3-ին կը յիշատակուի  Վայրի բնութեան համաշխարհային օրը որ հռչակուած է ՄԱԿ-ի կողմէ՝ 2013-ի դեկտեմբեր 20-ին ու սկսած է նշուիլ 2014 թուականէն սկսեալ։

Վայրի բնութեան օրուայ տօնակատարութիւնը կապուած է 1973 թուականի Մարտ 3-ին, Ուաշինկթընի մէջ 80 երկիներու ներկայացուցիչներու կողմէ ստորագրուած «ՍԻՏԷՍ» պայմանագիրին, որ ուժի մէջ մտած է 1975 թուականի Յուլիս մէկին։

Բնութեան  համաշխարհային օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ հրաւէր ուղղեց անսալու հողին աղաղակին ու այնպէս ընել«ու որ ան մնայ բոլորին մայր հողը։

«Անսանք երկրին աղաղակին՝ որ վիրաւորուած մարդկային ժլատութեան հազարաւոր ձեւերէն. Թոյլ տանք որ ան մնայ հիւրընկալ տուն մը ուր ոչ մէկը ինքզինք զգայ բացառուած #WorldWildlifeDay» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/03/2019, 11:30