Որոնել

Ռատիօ կայան  Ափրիկէի մէջ Ռատիօ կայան Ափրիկէի մէջ 

Ափրիկէն վնաս պէտք չէ կրէ մեծ արտադրողներու մենաշնորհուած շուկաներուն մէջ:

Հաղորդամիջոցները կրնան բաժանում եւ միեւնոյն ժամանակ միութիւն ստեղծել:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 27- 28 մարտի 2019-ին, Մարոքի Մարաքէշ քաղաքին «համագումարներու» պալատին մէջ գումարուած է Ափրիկեան Ռատիօ սփռումներու միութեան ընդհանուր 12-րդ- համագումարը, արծարծելու համար Ափիրկէի մէջ նոր հաղորդամիջոցներու առջեւ ներկայացուած մարտահրաւէրներն ու հեռանկարները: Այս տարուան Համագումարին նիւթն է «Հաղորդամիջոցներն ու անոնց ազդեցութիւնը լսատեսողական արտադրութեան վրայ:»
Յայտնենք , թէ Ափրիկեան Ռատիօ սփռումներու միութեան 53 գործօն անդամներուն մաս կը կազմէ նաեւ Ռատիօ Վատիկանը:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ Վատիկանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի կառավարիչ, Տիար Փաուլօ Ռուֆինի, ֆրանսերէն լեզուով պատգամով մը ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնները փոխանցած է համագումարին մասնակիցներուն ի վկայութիւն Ափրիկեան Ռատիօ սփռումներու միութեան եւ Սուրբ Աթոռին միջեւ գոյացած սերտ գործակցութեան :

Փաուլօ Ռուֆինի պատգամին մէջ անդրադառնալով Ափրիկէի մէջ հաղորդամիջոցներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ընդգծած է ժամանակակից հաղորդամիջոցներուն նոր արտադրութեան ձեւերը, ուր գրաւոր,  ձայնագրուած եւ պատկերսափուած լուրերը տեղ կը գտնեն համացանցի մը վրայ , իսկ անդին տասնեակ տարիներէ ի վեր գործածուած միջոցները անհետացումի կը մատնուին: Ան կը զգուշացնէ որ Ափրիկէն պէտք չէ վնաս կրէ այս հաղորդամիջոցներուն մենաշնորհուած շուկաներէն մաղթելով, որ արդիւնաբեր երկխօսութեան միջոցաւ նոր միջոցներ ի յայտ գան, զանոնք ներմուծելու համար Ափրիկեան լսատեսողական արտադրութեան շուկաներէն ներս:

Փաուլօ Ռուֆինի կ՝ընդգծէ նաեւ հաղորդամիջոցներուն մարդկային ծաւալի կարեւորութիւնը, դիտել տալով որ նոր հաղորդամիջոցները մեծ ազդեցութիւն ունին մեր վարուելակերպիսն վրայ եւ ուրիշներուն հետ ունեցած մերյարաբերութեան վրայ, երեւոյթներ որոնք պէտք չեն թերագնահատուիլ:
Հաղորդամիջոցները կրնան բաժանում եւ միեւնոյն ժամանակ միութիւն ստեղծել եւ ասոր համար կարեւոր է ունկնդրել եւ բացուիլ երկխօսութեան: Գրած է Փաուլօ Ռուֆինի պատգամի մէջ:


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2019, 10:44