Որոնել

Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խորհրդածութեան միջազգային օր Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խորհրդածութեան միջազգային օր 

«Մեր աչքերը բանանք ու պայքարինք մարդավաճառութեան ամօթալի ախտին դէմ»։

Այսօր կը յիշատակուի մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խորհրդածութեան միջազգային օրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Մարդավաճառութիւնը սաստիկ խախտում է մարդու արժանապատուութեան։ Մեր աչքերը բանանք այդ ամօթալի վէրքին դէմ ու յանձնառու ըլլանք պայքարելու անոր դէմ» Այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուրբաթ 8 փետրուար 2019-ին հրապարակած թուիթին մէջ, մարդավարութեան դէմ աղօթքի եւ խորհրդածութեան միջազգային օրուան առթիւ հրաւիրելով մարդկութիւնը յանձնառումով պայքարելու այդ արդի ստրկութեան դէմ որ մարդ անհատէն կը խլէ անոր արժանապատուութիւնը։

Նշենք թէ մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խորհրդածութեան միջազգային օրը հաստատուած է 2015-ին նախաձեռնութեամբ՝ գաղթականներու ու թափառաշրջիկներու, ու Խաղաղութիւն եւ Առադրութիւն Քահանայապետական խորհուրդներուն ու Միաբանութիւններու մեծաւորներու միջազգային միութեան կողմէ որպէս հիմնական ունենալով համապատասխանել Ֆրանչիսկոս Պապին կոչին՝ պայքարելու այդ ամօթալի ոճիրին դէմ ու թիկունք կանգնելու զոհերուն։

8 փետրուարը ընտրուած է որովհետեւ կը զուգադիպի Սուտանցի ստրուկ Սրբուհի Պախիթայի  ծիսական տօնին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2019, 13:00