Որոնել

Ալեսանտրօ Ճիզոթթի Ալեսանտրօ Ճիզոթթի 

Վատիկանի մէջ հանդիպում կարգ մը սեռային բռնութեան թիրախ զոհերուն հետ

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէնին յայտարարութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 20 փետրուար 2019-ին, յետմիջօրէին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն, Ալեսանտրօ Ճիզոթթի, յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց, թէ ՝ չորեքշաբթի, 20 փետրուարին առաւօտեան, Մանուկներու Պաշտպանութեան ժողովի կազմակերպիչ կոմիտէի անդամները հանդիպում ունեցած են կղերականներու կողմէ գործադրուած սեռային բռնութեան կարգ մը զոհերուն հետ :
Հանդիպումի ներկայ էին 12 այր մարդիկ ու կիներ, ժամանած աշխարի զանազան երկիներէն եւ պատկան զանազան կազմակերպութիւններուն:
Կոմիտէի անդամներու եւ սեռային բռնութեան զոհերու միջեւ հանդիպումը տեւած է աւելի քան երկու ժամ : Նշած է միշտ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն աւելցնելով, որ Կոմիտէի անդամները երախտապարտ են յիշեալ զոհերուն՝ հանդիպումի անկեղծութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերելուն համար ինչպէս նաեւ անոնց խորաթափանց եւ զօրեղ վկայութիւններուն համար, որոնք իսկապէս օգտակար պիտի դառնան աւելի լաւ ըմբռնելու հաւաքին ընթացքին քննարկուելիք հարցերուն հրատապութիւնն ու լրջութիւնը:»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2019, 08:43