Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 21 փետրուարի թուիթները:

ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Հոգիէն հայցեց որ անչափահասներու պաշտպանութեան հաւաքի մասնակցող եպիսկոպոսներուն սիրտերը լայն բանայ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 21 փետրուարին, Վատիկանի մէջ սկիզբ առած «անչափահասներու պաշտպանութեան» եպիսկոպոսական հաւաքին առթիւ, ֆրանչիսկոս Պապ, քահանայապետական թուիթըրի կայքին վրայ հրապարակեց երկու թուիթներ առաջինին մէջ Ան հայցեց Սուրբ Հոգիին աջակցութիւնը գրելով. «Սուրբ Հոգիէն հայցենք, որ այս օրերուն զօրակցի մեզի եւ օգնէ մեզի, սոյն չարիքը գիտակցութեան եւ բիւրեղացումի հնարաւորութեան փոխակերպելու#PBC2019»»:
Մինչ՝ Երկրորդ թուիթըրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած խնդրեց, որ Ան բանայ ժողովականներուն սրտերը ու զանոնք ձեւաւորէ Իր պատկերին համաձայն

«ՈՎ Տէր դուն կը ճանչնաս մեր սիրտերուն դիմադրութիւնը՝ ուրիշին ցաւերը այնտեղ զետեղելու: Բաց մեր սիրտերը եւ զանոնք ձեւաւորէ քու պատկերիդ համաձայն#PBC2019» գրեց Նորին Սրբութիւնը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2019, 13:00