Որոնել

Սիքստինեան մատուռը Սիքստինեան մատուռը 

Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդի մատակարարումը Վատիկանի Սիքստինեան մատրան մէջ։

13 Յունուարին Լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ Յիսուսի Մկրտութեան տօնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

13 Յունուարին Լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ Յիսուսի Մկրտութեան տօնը։ Տօնին առթիւ աւանդութիւն դարձած է որ Սրբազան Քահանայապետը Մկրտութեան խորհուրդը մատակարարէ վատիկանի պաշտօնեաներու նորածին մանուկներուն ու այս մէկը ընդհանրապէս կը կատարուի Վատիկանի աշխարհահռչակ Սիքստինեան մատրան մէջ։ Այս տարի Քահանայապետին ձեռքով Մկրտութեան սուրբ խորհուրդը պիտի ընդունին 27 նորածին մանուկներ՝ 12 տղայ ու 15 աղջիկ։ 

Սիքստինեան Մատուռը տիեզերական արուեստի ու աշխարհի ամենահռչակաւոր թանգարանային վայրերէն մին  ըլլալէն անդին կը ծառայէ նաեւ որպէս վայր՝ Կարտինալներու Ժողովին, որով կ՝ընտրուի Նոր Քահանայապետը ու Պապական մեծ ծիսակատարութիւններու, որոնց շարքին նաեւ Մկրտութեան Խորհուրդի վերոնշեալ արարողութիւնը։

Սիքստեան Մատուռը գլուխ գործոցն է աշխարահռչակ Միքելանճելոյի որ հոգացած է Մատրան առաստաղի կամարի զարդարանքի աշատանքները (1508էն-1512 թուականներուն) ինչպէս նաեւ խորանի ետեւի պատին «Վերջին Դատաստան» գործը՝  1536էն-1541 թուականներուն։

Մատուռը իր անունը առած է Սիքստոս Դ.րդ Տէլլա Ռովերէ Քահանայապետէն որ զայն կառուցել տուած է ճարտարապետ Ճովաննի Տէի Տոլչիի-ն։

Սիքստեան Մատուռը Միքելանճելոյի հանրածանօթ գործերէն զատ կը պարունակէ նաեւ Իտալացի այլ մեծ արուեստագէտներու կարեւոր որմանկարները  ինչպէս՝ Պոթթիչէլլի,Փերուճինօ Կիրլանտաիօ,Սինիորէլլի եւ Ռոսէլլի....

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/01/2019, 11:27