Որոնել

Պոկոթա. Ահաբեկչական արարքի զոհերուն աղօթք Պոկոթա. Ահաբեկչական արարքի զոհերուն աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապ կը դատապարտէ Պոկոթայի ահաբեկչական արարքը։

Ազգային ոստիկանութեան դպրոցի մը դէմ մղուած Ահաբեկչական արարքին պատճառաւ մահացան 21 անձեր ու այլ 68 անձ վիրաւորուեցան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող, 18 յունուար 2019 թուակիր հեռագիրով մը, ուղղուած Պոկոթայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ռուպէն Սալազար Կոմէսի, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր խոր ցաւը կ՛արտայայտէ ի տես վայրագ ահաբեկչական արարքին, որ տեղի ունեցաւ Քոլոմպիայի մայրաքաղաքին մէջ, 17 Յունուար 2019-ին եւ որ մահ ու տառապանք սերմանեց ամենուրէք։

Ազգային ոստիկանութեան դպրոցի մը դէմ մղուած ահաբեկչական արարքին պատճառաւ մահացան 21 անձեր ու այլ 68 անձ վիրաւորուեցան։

Հեռագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ զոհերուն կ՛ապահովեցնէ իր աղօթքները ու այս տխրութեան ու  ցնցումի պահերու ընթացքին, իր մօտիկութիւնը կը յայտնէ բոլոր վիրաւորներուն, անոնց ընտանիքներուն ու համայն Քոլոմպիայի հասարակութեան։ Ան հուսկ կը դատապարտէ այդ կոյր բռնութեան արարքը որ «Արարչին համար ծանր նախատինք է», ապա աղօթքներ կը բարձրացնէ առ Աստուած, որպէսզի Երկրին ու համայն աշխարհին մէջ շարունակուի ներդաշնակութեան ու խաղաղութեան կառուցումը։

Ցաւակցական հեռագիրի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը օրհնութիւններ կը շնորհէ, զոհերուն, անոնց ընտանիքներուն ու համայն Քոլոմպիային։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2019, 09:12