Որոնել

Կարդինալ Զենարի Պուլկարիոյ վարչապետին հետ Կարդինալ Զենարի Պուլկարիոյ վարչապետին հետ 

Կարդինալ Զենարի « Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաները բնակչութեան 2 տոկոսը:»

Պուլկարիոյ մէջ Վատիկանի դիւանագէտը հանդիպում ունեցած է Պուլկարիոյ Վարչապետին հետ Ան ապա ելոյթ ունեցած է Պուտաբեշթի Կաթողիկէ համալսարանին մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրիոյ մէջ Քրիստոնեաներուն թիւը անկումի մէջ է , անոնք Սուրիոյ մէջ կը հաշուեն բնակչութեան 2 տոկոսը:
Այս մասին ըսած է Պուլկարիա կատարած այցելութեան ընթացքին, Սուրիոյ մէջ Պապական նուիրակ Կարդինալ Մարիօ Զենարին, ֆիտես Լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին:

Պուլկարիոյ մէջ Վատիկանի դիւանագէտը հանդիպում ունեցած է Պուլկարիոյ Վարչապետին հետ Ան ապա ելոյթ ունեցած է « օգնութիւն հալածուած քրիստոնեաներուն » նախաձեռնութեամբ, Պուտաբեշթի Կաթողոկէ համալսարանին մէջ , «Հունկարիա Հէլբս մարդասիրական ծրագիրին ծիրէն ներս:
Ծիրանաւորը անդրադառնալով քրիստոնեաներուն թիւին նուազեցման պատճառներուն կը յայտնէ, թէ 8 տարիներէ ի վեր Սուրիոյ մէջ տիրող արիւնալի պատերազմը պատճառ դարձած է քրիստոնեաներուն թիւին նուազեցման:Միջին արեւելքի մէջ առաքեալներուն ներկայութիւնը խաթարուած է ոչ միայն եկեղեցիներուն քանդումին պատճառաւ այլեւ՝ բազմաթիւ քրիստոնեաներու գաղթի ճամբան դիմած ըլլալնուն համար , ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ խառն ամուսնութեան հետեւանքով:

Ան ապա նշած է , որ երկրորդ աշխարհամարտէն ետք Քրիստոնեաներուն թիւը Սուրիոյ մէջ կը կազմէր բնակչութեան 25 տոկոսը, այդ թիւի նուազեցման պատճառներէն մին է Քրիստոնեայ ընտանիքներու ծնելիութեան թիւի անկումը:

Յայտնենք, թէ Սուրիոյ մէջ Պապական նուիրակը Պուլկարիա այցելութեան նպատակներէն մին էր , մեկնարկել «Բաց հիւանդանոցներ»» մարդասիրական ծրագիրը, նպաստելու համար Սուրիոյ մէջ հիւանդանոցներու մէջ գտնուող աւելի քան 4500 հիւանդներուն բժշկական ծախսերը:
Պուլկարիոյ կառավարութիւնը առաջին պետութիւնը եղած է որ ֆինանսաւորած է այդ ծրագիրը տրամադրելով աւելի քան միլիոն եւրօ: Այս առթիւ Կարդինալ Զենարի շնորահակալութիւն յայտնած է Պուլկարիոյ վարչապետին մաղթելով, որ այլ պետութիւններ հետեւին անոր օրինակին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2019, 10:58