Որոնել

Ստրկութեան վերացման միջազգային օր Ստրկութեան վերացման միջազգային օր 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը «Ստրկութեան վերացման» միջազգային օրուան առթիւ։

ՄԱԿի տուեալներու համաձայն, աշխարհի մէջ 40 մլն կին, տղամարդ ու երեխայ կ՛ապրին ստրկութեան մէջ։

ՄԱԿ-ին կողմէ հաստատուած «Ստրկութեան վերացման միջազգային օրը»  կը նշուի ամէն տարուայ դեկտեմբեր երկուքին։ Օրը կը յիշատակէ  մարդկանց առեւտուրի ու երրորդ անձանց կողմից մարմնավաճառութեան շահագործման դէմ պայքարի մասին ՄԱԿի Գլխաւոր վեհաժողովի կողմէ ընդունուած բանաձեւին որդեգրման թուականը ՝ 2 դեկտեմբեր 1949-ին։

ՄԱԿի տուեալներու համաձայն, աշխարհի մէջ 40 մլն կին, տղամարդ ու երեխայ կ՛ապրին ստրկութեան մէջ։ Ասոր համար՝  կառավարական ու հասարակական կազմակերպութիւններուն, իրաւապահ մարմիններու ու այլ կառոյցներու ջանքերը ուղղած են ոչ միայն նման դէպքերու բացայայտմանն ու կանխմանը ինչպէս նաեւ յանցագործութիւններու կազմակերպիչներուն հանդէպ քրէական հետապնդմանը, այլեւ այդ ստրկութեան երեւոյթէն տուժածներուն ընկերութեան ու կեանքի մէջ վերաներառման։

Ստրկութեան վերացման միջազգային օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հրաւիրեց վերացնել անտարբերութեան քողը որ կը ծանրանայ տառապողներու ճակատագրին վրայ։ 

«Վերացնենք անտարբերութեան քողը՝ որ ծանր կը կշռէ տառապող անձերու ճակատագրին վրայ։ Ոչ մէկը կարող է ձեռքերը լուալ ի տես այսօրուայ ստրկութեան իրականութեան» #EndSlavery» գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2018, 11:30