Որոնել

Յիսուս Մանուկի արձան Յիսուս Մանուկի արձան 

«Համայն ուրախութիւնը օրօրոցի մը մէջ»։ Վատիկանի մէջ Մանուկ Յիսուսի արձաններու օրհնութեան աւանդութիւնը կը նորոգուի։

Սոյն աւանդութիւնը սկիզբ առած է Սուրբ Պօղոս Զ կամքով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վաղուց ի վեր աւանդութիւն դարձած է որ Յիսնակաց շրջանի երրորդ  կիրակի օրուան  առթիւ բազմաթիւ հաւատացեալներ եւ յատկապէս մանուկներ՝ խուժեն Սուրբ Պետրոսի հրապարակ, իրենց ձեռքը բռնած Յիսուս Մանուկի արձանիկներ, զոր կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի աւարտին կ՛օրհնուին Քահանայապետի կողմէ, որպէսզի ապա զետեղուին տուներու, դպրոցներու եւ աշխտասենեակներու մսուրներուն մէջ։

Սոյն աւանդութիւնը սկիզբ առած է Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետի կամքով։

Այս տարի եւս Մանուկ Յիսուսի արձաններու օրհնութեան աւանդութիւնը կը նորոգուի եւ  Հռոմի Քրիստոնէականի զբօսավայրերու նախաձեռնութեամբ, հազարւոր մանուկներ, ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն ու քրիստոնէականի դաստիարակներուն, կիրակի 16 դեկտեմբերի առաւօտեան, նախ քան Մարեմեան Աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կը մասնակցին Մայր Տաճարի գահերէց՝ Կարդինալ Անճելօ Քոմասթրիի մատուցած Սուրբ Պատարագին, ապա կէսօրին կը փոխադրուին Սուրբ Պետրոսի հրապարակ, մասնակցելու համար Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքին եւ Մանուկ Յիսուսի արձաններու օրհնութեան արարողութեան։

Նշենք թէ Յիսուս Մանուկի արձաններու օրհնութեան Սուրբ Պետրոսի տաճար աւանդական ուխտագնացութեան այս տարուայ բնաբանն է «Համայն ուրախութիւնը օրօրոցի մը մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/12/2018, 09:03