Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 13 նոյեմբերին, քահանայապետական թուիթերեան կայքին մէջ հրապարակած թուիթով մը , Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ որ Յիսուս Քրիստոս ճանչնալու համար նախ պէտք է ճանչնանք մեր սեփական թշուառութիւնը ապա զգալ մեր փրկութեան կարիքը:
«Առաջին քայլը, Յիսուս Քրիստոս ճանչնալու համար, մեր սեփական թշուառութեան ճանաչումն է՝ փրկութեան կարիքը:» Գրեց Սրբազան Հայրը: