Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ուքրանիոյ աւագ Արքեպիսկոպոս Սվիաթոսլաւ Շեւչուք Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ուքրանիոյ աւագ Արքեպիսկոպոս Սվիաթոսլաւ Շեւչուք 

«Պապը Ուքրանիոյ համար». Վատիկանի մարդասիրական առաքելութիւնը:

Շնորհիւ «Պապը Ուքրանիոյ համար» Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մարդասիրական ծրագիրին նպատ ստացած են Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւններու զոհ բազմաթիւ անձեր:

Վատիկանեան պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ՝ Քահանայապետական մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի կառավարիչ՝Կարդինալ Փիթեր Թուրքսոնին, 14էն-18 նոյեմբեր 2018-ին, մարդասիրական յատուկ առաքելութեամբ Ուրքրանիա այցելած են սկիզբ տալու համար «Պապը Ուքրանիոյ համար» Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ուքրանիոյ բնակչութեան ի նպաստ մարդասիրական նոր ծրագիրներուն ու ստուգելու համար այդ ծրագրի աշխատանքներուն յառաջընթացքը:
Յիշեալ պատուիրակութեան անդամները Ուքրանիոյ մէջ այցելած են 2014 թուականին հակամարտութիւններու թիրախ ՝Տոնեսք եւ Քարքիւ մարզերու մէջ գտնուող, Ֆրանչիսկոս Պապի մարդասիրական ծրագիրներէն նպսատ ստացող ընտանիքներուն ինչպէս նեաւ մանկաբուժարանին մէջ գտնուող մանուկներուն:

Առաքելութեան ծիրէն ներս Կարդինալ Թուրքսոս ընկերակցութեամբ Գերապայածառ Թեխատոյին Ուքրանիոյ Պապական նուիրակի պալատին մէջ հանդիպում ունեցած են քաղաքացիական իշխանութեան, դիւանագիտական մարմնին անդամներուն հետ ինչպէս նաեւ Լատինաց եւ Յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն-որոնք ապա Քիւեի Սուրբ Ալեսանտրօ անուան մայր տաճարին մէջ ներկայ գտնուեցան խաղաղութեան աղօթք- հանդիպումին:

Վատիկանեան պատուիրակութեան անդամները այցելած են նաեւ Քալքութայի Մայր Թերեզային անօթեւաններու, աղքատներուն բարեսիրական կեդրոնը:

Յայտնենք թէ «Պապը Ուրքրանիոյ համար» ծրագիրը սկիզբ առած է 2016 թուականին յունիս ամսոյն, որուն միջոցաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ուզեց իր սէրն ու զօրակցութիւնը ցուցաբերել համայն Ուքրանիոյ բնակչութեան յատուկէն, հակամարտութիւններու հետեւանքով դժուարութեան մէջ գտնուող անձերուն ՝ անկախ անոնց կրօնային եւ ցեղային պատկանելիութենէն:

Երկու տարուան ընթացքին, շնորհիւ վերոնշեալ Պապին մարդասիրական ծրագիրին հանգանակուած է աւելի քան 16 միլիոն Եւրօ՝ պտուղը Եւրոպայի բոլոր թեմերէն ներս իրականացուած դրամահաւաքներուն, ինչպէս նաեւ ֆրանչիսկոս Պապի անձնական նուիրատուութեան:

Մինչեւ այսօր հանգանակուած գումարով նպաստ ստացած են հակամարտութիւններու զոհ աւելի քան 900 անձեր:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2018, 09:43