Որոնել

Սիւնհոդոսական նիստ Սիւնհոդոսական նիստ 

Աւարտեցաւ Սիւնհոդոսի աշխատանքային թղթածրարի առաջին մասի քննարկումը։

Պէտք է արժեւորել երիտասարդները ու անոնց մասնակցութիւնը՝ եկեղեցւոյ կենաքէն ներս

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի մէջ կը շարունակուին Երիտասարդութեան հայող եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսական նիստերը եւ երեքշաբթի 9 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան սիւնհոդոսի ընդհանուր 5-րդ նստաշրջանը յատկացուեցաւ Սիւնհոդոսի «աշխատանքային թղթածրարի» առաջին մասին քննարկումի եզրակացութիւններուն, որտեղէն յառաջ եկաւ «նրբանկատ եւ երկխօսութեան մէջ եկեղեցի մը ունենալու» հարկաւորութիւնը որ հեռու ըլլայ ինքնորոշման ու նախապաշարումներու իրականութենէն ու հիմնուի «վկայութեան հաւատալիութեան» վրայ։ 

Պէտք է արժեւորել երիտասարդները ու անոնց մասնակցութիւնը՝ եկեղեցւոյ կենաքէն ներս, պէտք է խթանել ու վերանորոգել անոնց յանձնառումը ու զայն դնել իսկական սիւնոհոդսականութեան տեսլականին տակ, որպէսզի անոնք՝ պատասխանատուութեամբ ստանձնեն  իրենց դերակատարութիւնը՝ի նպաստ ոչ թէ ժամանակաւոր ձեռնարկի մը այլ լայնածալ գործընթացի մը, որպէսզի իրենց կարգին դառնան իրենց տարեկիցներուն համար աւետարանողներ։

Երիտասարդները արդարեւ կարողութիւնը ունին որոշումներ առնելու, սակայն հարկ է որ եկեղեցին զանոնք օգնէ երկար տեւողութեամբ որոշումներու վրայ յանգելու համար։

Վերոնշեալ թղթածրարի առաջին մասին քննարկումներէն ի յայտ եկան երիտասարդներուն հայող մի քանի երեւոյթներ, որոնց շարքին «թուային մշակոյթը» որ համատարածուած է  երիտասարդներուն կեանքին մէջ եւ որ բացի դրական հետեւանքներէ ունի նաեւ ժխտական հետեւանքներ, ինչպէս առանձնութեան զգացումը, երեւակայական աշխարհի մէջ ապրիլը ու երեւակայական իրողութիւններու ձգտիլը, հեռու մնալով իսկական ու գործնական կեանքէն։ Այս ծիրէն  ներս եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է ներկայ գտնուիլ այդ «թուային» աշխարհին մէջ ու առաջնորդել երիտասարդները անոնց սորվեցնելով այդ ցանցային միջոցներու ճշգրիտ գործածութիւնը։

Սիւնհոդոսական հայերը ապա յատուկ ուշադրութիւն դարձուցին նաեւ այն երիտասարդներուն որոնք «կապի մէջ չեն» ու կ՛ապրին այնպիսի վայերու մէջ ուր համացանցը չէ հասած։

Նիւթերու շարքին ընդգծուեցաւ նաեւ չարաշահումները գայթակղութեան հարցը ու այդ հարցը աւելի հաւատայի կերպով դիմագրաւելու հարկաւորութիւնը ինչպէս նաեւ չարաշահումներուն  կանխարգիլման ուղիով յանձնառումը։

Յատուկ ակնարկ կատարուեցաւ նաեւ գաղութականութեան երեւողթի մասին որ յաճխ կը հարուածէ նաեւ երիտասարդները եւ որուն համար հարկաւոր է պատշաճ հովուական խնամակալութիւն մը՝ միջազգային գետնի վրայ պաշտպանելով գաղթականներուն դատը, զարգացնելով նաեւ օրինական ու ապահով «խողովակներ» անոնց անցքին համար։

Այս ծիրէն ներս Եպիսկոպոսները անհրաժեշտ համարեցին դաստիարակութեան կարեւորութիւնը ինչպէս նաեւ երիտասարդներուն կազմաւորումը քրիստոնէական կեանքին։ Դաստիարակութիւն մը որ ըլլայ բազմամշակութային ու համամիութենական։ Եւ դաստիարակութեան ծիրէն ներս մեծ դեր կը խաղայ ընտանիքը ուր ընդհանրապէս կը փոխանցուի հաւատքը։ Ընտանիքն ալ այսօր կ՛ապրի տագնապ մը՝ ուր երիտասարդ զոյգեր կարողութիւն չունին ըմբռնելու «Բարի Լուրը» ու զայն հաղորդելու իրենց զաւակներուն։ Այս ծիրէն  ներս եւս Եկեղեցին մեծ գործ ու առաքելութիւն ունի կատարելիք, որովհետեւ եկեղեցին ըլլալու է դաստիարակութեան դպրոց։ Եկեղեցին Մայր ու դաստիարակ է կը շեշտեն  սիւնհոդոսական հայրերը  որոնք ապա աշխատանքային թղթածրարի առաջին մասի քննարկումէն ետք կ՛առաջարկեն  յատուկ պատգամ մը՝   ուղղուած երիտասարդներուն, որուն մէջ պարունակուին մարգարէական խօսքեր։ Պատգամ մը որ պատրաստուի ըլլայ տեսերիզով ըլլայ նկարներով հասնելու համար բոլոր երիտասարդներու սրտին ու մտքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/10/2018, 14:00