Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցագիրը Յորդանանի մէջ ողողումներուն հետեւանքով արձանագրուած զոհերուն ի լուր:
Այս օրերուն, Յորդանանի մէջ տեղատարափ անձրեւներէն պատճառուած , ողողումներուն հետեւանքով արձանագրուած զոհերուն ի լուր, Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինհ, շաբաթ, հոկտեմբեր 27-ին, ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Յորդանանի մէջ Պապական նուիրակ՝ Գերապայծառ Ալպերթօ Օրթեկային:
Հեռագիրին մէջ գրուած է. «Ֆրանչիսկոս Պապ խոր վիշտով իմացաւ Յորդանանի մէջ տեղատարափ անձրեւներէ պատճառուած ողողումներու հետեւանքով արձանագրուած մարդկային զոհերուն եւ վիրաւորներուն տխուր լուրը: Ան իր անկեղծ զօրակցութիւնը կը յայտնէ բնական աղէտին թիրախ բոլոր տուժուածներուն: Սրբազան Հայրը , յատուկէն կ՝աղօթէ երիտասարդ զոհերուն համար: Ան պաա շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւորներուն եւ սփոփանք տառապողներուն:
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը քաջալերելով քաղաքացիական իշխանութիւններն եւ որոնաղական փրկարար աշխատանքներու մէջ ներգրաւուած անձերը, Աստուածային խաղաղութեան եւ զօրութեան պարգեւները կը հայցէ բոլորին վրայ»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ