Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Քոլոմպիայի նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Քոլոմպիայի նախագահը 

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Քոլոմպիայի նախագահին։

Զրոյցներու ընթացքին, որոնք տեղի ունեցան սիրալիր մթնոլորտի մէջ, գնահատանք արտայայտուեցաւ երկկողմանի բարի յարաբերութիւններու համար

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ թէ երկուշաբթի 22 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Ֆրաչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Քոլոմպիայի հանրապետութեան նախագահը՝ Տիար Իվան Տուքէ Մարքեզը որ ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ կարդինալ Փարոլինի հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններ ենթաքարտուղարը՝ գերապայծառ Անթուան Քամիլլերին։

Զրոյցներու ընթացքին, որոնք տեղի ունեցան սիրալիր մթնոլորտի մէջ, գնահատանք արտայայտուեցաւ երկկողմանի բարի յարաբերութիւններու համար, որուն ծիրէն ներս ընդգծուեցաւ Սուրբ Աթոռին ու տեղական Եկեղեցւոյ սատարը ի նպաստ խաղաղութեան գործընթացքն ու Քոլոմպիացի ժողովուրդին հաշտութեան խթանումին։  Մատնանշուեցաւ նաեւ Եկեղեցւոյ ու Պետութեան միջեւ յարատեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ յաղթահարելու համար ընկերութեան ժամանակակից մարտահրաւէրները, յատուկէն ակնարկելով երկու կողմերը հետաքրքրող հարցերու շուրջ, ինչպէս կեանքի պաշտպանութիւնը, կաշառակերութեան ու թմրավաճառքի դէմ պայքարը, օրինականութեան խթանումը ու բնութեան պահապանումը։

Ւ վերջոյ պտղաբեր փոխադարձ տեսակէտներ արտայայտուեցան տարածաշրջանի քաղաքական եւ ընկերային կացութեան մասին յատուկէն անդրադառնալով գաղթականներու հարցին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2018, 13:33