Որոնել

Միսիոներական համաշխարհային օր Միսիոներական համաշխարհային օր 

«Միսիոներական համաշխարհային Օրուան» ներկայացում։

«Երիտասարդներուն հետ միասին Աւետարանը տանինք բոլորին»։

Ուրբաթ 19 հոկտեմբեր 2018-ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ նախատեսուած է մամլոյ ասուլիս հայող Միսիոներական համաշխարհային օրուան, որ այս տարի կը յիշատակուի յառաջիկայ կիրակի  21 հոկտեմբերին։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ կ՛ունենան Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին՝ ժողովուրդներու աւետարանութեան Ժողովի Կառավարիչը, գերապայծառ Ճամփիեթրօ Տալ Թոզօ՝ Միսիոներական Քահանայապետական Գործունէութիւններու նախագահ եւ Հայր Ֆապրիցիօ Մերոնին՝ Միսիոներական Քահանայապետական միութեան ընդհանուր քարտուղար ու Ֆիտես գործակալութեան տնօրէն։

2018- տարուայ Միոսներական համաշխարհային 92րդ օրուան առթիւ՝ անցեալ 20 մայիս 2018-ին հրապարակուած Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամին նիւթն է «Երիտասարդներուն հետ միասին Աւետարանը տանինք բոլորին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2018, 08:22