Որոնել

Մանուկի մը լուսանկարը վարդարանը աղօթելու ժամանակ Մանուկի մը լուսանկարը վարդարանը աղօթելու ժամանակ 

Հոկտեմբեր 18-ին, աւելի քան մէկ միլիոն մանուկներ պիտի աղօթեն վարդարանը:

ֆրանչիսկոս Պապը խնդրեց որ հոկտեմբեր ամսոյն ընթացքին վարդարանը աղօթենք՝ եկեղեցին սատանային հարուածներէն պաշտպանելու դիտաւորութեան համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Տառապող եկեղեցւոյ Օգնութիւն քահանայապետական բարեսիրական հաստատութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, կը նշուի թէ աշխարհի մէջ աւելի քան մէկ միլիոն մանուկներ կ՝ընդառաջեն «տառապող եկեղեցւոյ Օգնութիւն» հաստատութեան ձեռնարկած, յառաջիկայ հոկտեմբերին 18-ին, աշխարհի խաղաղութեան համար վարդարանի աղօթքը կատարելու ծրագիրին:

Յիշեալ Քահանայապետական բարեսիրական կազմակերպութեան 14- րդ աղօթքի՝ նախորդ ձեռնարկներուն, իրենց մասնակցութիւնը բերած էին աշխարհի տարբեր ցամաքամասերու աւելի քան 80 երկիրներէ մանուկներ:

Մանուկներուն աղօթքի օր կազմակերպութիւնը ծնունդ առած է Վենզեզեուելլայի Քարաքաս քաղաքին մէջ: Ուխտատեղիի մը մէջ, մի քանի կիներուն ներկայութեամբ, խումբ մը մանուկներ, մինչ՝ կաղօթէին, կիներէն մին, Տիրամօր ներկայութիւնը զգածած է իրենց միջեւ: Ան ապա մտաբերած է Հայր Փիոյին հետեւեալ խոստումը. «Եթէ մէկ միլիոն մանուկներ միասնաբար վարդարանի աղօթք կատարեն աշխարհը պիտի փոխուի»: Հիմնուած այս հոգեւոր փորձառութեան վրայ ծնունդ առած է մանուկներուն վարդարանի աղօթքի միջազգային օրը, աշխարհի խաղաղութեան ի սպաս:

Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն Կազմակերպութեան տնօրէնին յայտարարութեամբ, մանուկներու վարդարանի աղօթքի օրը տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբեր 18-ին, նախ որովհետեւ Հոկտեմբեր ամիսը մարեմեան ամիս է ապա, այդ օրը կը զուգադիպի Ղուղաս աւետարանիչի ծիսական տօնին, որ ըստ աւանդութեան, եղած է Յիսուսի մանկութեան պատմութիւնը փոխանցող առաքեալը:

Յիշենք նաեւ որ ֆրանչիսկոս Պապը խնդրեց որ հոկտեմբեր ամսոյն ընթացքին վարդարանը աղօթենք՝ եկեղեցին սատանային հարուածներէն պաշտպանելու դիտաւորութեան համար:

Արդարեւ աւելի քան մէկ միլիոն մանուկներ ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքին, յատուկէն պիտի աղօթեն Եկեղեցւոյ համար։ տառապող եկեղեցւոյ Օգնութիւն հաստատութիւնը իր ազգային 23 կեդրոններուն միջոցաւ հրաւէր ուղղած է ծնողներուն ուսուցիչներուն եւ բոլոր անոնց որոնց կը գործեն հիւանդանոցներուն, որբանոցներուն ու այլ մանկական հաստատութիւններուն մէջ՝ 18 հոկտեմբերին վարդարանի աղօթքը արտասանելու իրենց գտնուած վայրերուն մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2018, 10:53