Որոնել

Սուրիոյ մէջ գաղթականներէ առնուած լուսանկար Սուրիոյ մէջ գաղթականներէ առնուած լուսանկար 

Սուրիոյ եւ Իրաքի մարդկային տագնապի մասին ժողով Վատիկանի մէջ

Ժողովին կէտնպատակն է խոկումի եւ եղբայրական հաղորդութեան առիթ ընծայել այն բոլոր եկեղեցական հաստատութիւններուն որոնք ներգրաւուած են բարեսիրական եւ խնամակալական գործունէութիւններուն մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քահանայապետական մարդկային համապարփակ խթանման ժողովը, 13-14 սեպտեմբեր 2018ին կազմակերպած է ժողովը մը հայող Սուրիոյ եւ Իրաքի մարդկայնական տագնապի իրավիճակին, որ պիտի գումարուի Հռոմի քահանայապետական Ուրպանիանա համալսարանի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան դահլիճէն ներս:

Յիշեալ ժողովին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն կաթողիկէ բարեսիրական 50 կազմակերպութիւններ, տեղական եկեղեցիներու եպիսկոպոսներու ներկայացուցիչներ, եկեղեցական հաստատութիւններ, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ գործող եկեղեցական հաստատութիւններ ինչպէս նաեւ Սուրիոյ- Իրաքի- Լիբանանի եւ Թուրքիոյ մէջ Պապական նուիրակները:

Ժողովի առաջին օրը բացման խօսքով ելոյթ պիտի ունենան Մարդկային համապարփակ խթանման ժողովի կառավարիչը Կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն ինչպէս նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղարը Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը

Ժողովին առաջին օրը պիտի եզրափակուի ՄԱԿ-ի գաղթականներուն գրասենեակի բարձր յանձնակատար Տոքթ Ֆիլիփօ Կրանտիի ելոյթով, որ պիտի անդրադառնայ մարդկային տագնապի թիրախ երկիրներուն մէջ գաղթականութեան իրավիճակին:

Յայտնենք որ ժողովին կէտնպատակն է խոկումի եւ եղբայրական հաղորդութեան առիթ ընծայել, այն բոլոր եկեղեցական հաստատութիւններուն որոնք ներգրաւուած են բարեսիրական եւ խնամակալական գործունէութիւններուն մէջ, մարդկային տագնապի թիրախ ժողովուրդներուն հանդէպ, որոնց մասին Սրբազան Հայրը բազմիցս հանրային կարծիքին ուշադրութեան հրաւիրած է:

Ժողովին նպատակներէն մին է նաեւ հաշուեկշիռ ներկայացնել մարդկային տագնապի ծիրէն ներս կաթողիկէ հաստատութիւններուն տարած աշխատանքներուն , կիսել մարդկային կացութեան վերաբերող տեղեկութիւնները, բնորոշել ապագային առաջնահերթութիւնները, ինչպէս նաեւ քննարկել պատերազմի թիրախ երկիրներու մէջ գտնուող քրիստոնեայ հասարակութիւններուն իրավիճակը

Յայտնենք թէ ժողովին մասնակիցները ուրբաթ 14 սեպտեմբերին յետմիջօրէին Վատիկանո Առաքելական պալատին մէջ պիտի հանդիպին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2018, 12:45