Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթին Ֆրանչիսկոս Պապ եւ կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթին 

Կարդինալ Պասսեթթիի զրոյցը ընտանիքներու միջազգային հանդիպումի մասին

«Խնդրեմ», «շնորհակալութիւն», եւ «ներողութիւն» արտայայտութիւններ են որ կրնան գալ միայն «Մեծ Հովիւի մը սրտէն»։

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

Կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթի, իտալական եպիսկոպոսական ժողովի նախագահը, հարցազրոյց մը տուած է Տապլինի մէջ կայացած Ընտանիքներու Միջազգային Հանդիպումի յետադարձ ակնարկով մը։
Ծիրանաւորը ըսած է թէ «ընտանքիներու միջազգային հանդիպումը ապահովաբար յոյժ կարեւոր պահ մը եղած է։ Այս առթիւ շատ խոր հարցեր յառաջացած են. իմաստնալից հարցեր՝ թէ ինչպէս կը կատարուի հաշտութիւնը ընտանիքէն ներս եւ կամ զաւակներու դաստիարակութիւնը։ Ընտանիքներու կամ ընտանիքի տարբեր բոլոր խնդիրներուն որոնք ներկայացուած են, Սրբազան Պապը պատասխանած է անմիջականօրէն. պարագայ մը որ մեզ տպաւորած է՝ նաեւ Սրբազան Հօր պայծառութեամբ եւ կենսունակութեամբ։»
Ապա Կարդինալ Պասսեթթի անդրադարձած է այն երեք բառերուն որոնց Սրբազան Պապը ստէպ մատնանիշ կʼընէ՝ «խնդրեմ», «շնորհակալութիւն», եւ «ներողութիւն»։ Ասոնք շատ կարեւոր են ընտանիքի կեանքէն ներս։ Ապա յիշելով Սրբազան Պապի տուած բացատրութիւնները յիշեալ երեք բառերու շուրջ, Ծիրանաւորը նկատած է, թէ այդպիսի արտայայտութիւններ կրնան գալ միայն «Մեծ Հովիւի մը սրտէն»։
Ապա լրագրողը հարց տուած է, թէ «Ինչպիսի՞ օգնութիւն կրնան քրիստոնեայ ընտանիքները տալ Եկեղեցւոյ, այնպիսի պահու մը, ուր յատկապէս Իռլանտայի մէջ, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու մէջ գոյութիւն ունին գայթակղութիւններ որ կը կրծեն Եկեղեցւոյ վկայութիւնը, ուժը եւ արժանահաւատութիւնը»։ Ծիրանաւոր Պասսեթթի պատասխանելով, ըսած է, թէ «Սրբազան Պապի մատուցած Սուրբ Պատարագի սկիզբը, ան կատարած էր խղճի քննութիւն մը հինգ կամ վեց կէտերու վրայ, որ աւելի էր քան լոկ խղճի քննութիւն մը – դա շատ յստակ պատգամ մըն էր այդ ահաւոր թերացումներուն շուրջ։» Սրբազան Պապը յստակօրէն անդրադարձած էր մանկապղծութեան խնդրին, առանց ծածկելու։ Ան գործածած էր շատ ուժեղ արտայայտութիւններ։ Կարդինալ Պասսեթթի զգացուած էր, երբ Սրբազան Պապը քաջութեամբ ըսած էր՝ «Կը բաւէ´։ Սա Եկեղեցւոյ դիմագիծը չէ։ Այս բաները այլեւս պէտք չէ կատարուին»։ Ան աւելցուցած է, թէ «Ընտանիքը պէտք է ըլլայ Սուրբ Երրորդութեան պատկերը». այսպէսով ան կը վերածուի ամբողջ ընկերութեան հիմքին։ Չկայ ընկերութիւն առանց ընտանիքի եւ չկայ ընտանիք առանց ընկերութեան։ Աստուած նախ կոչեց ընտանիքը՝ «Արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք։ Այր մարդը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ պիտի միանայ իր կնոջ, եւ անոնք պիտի ըլլան մէկ մարմին։ Հետեւաբար ընտանիքը մարդկութեան, ընկերութեան եւ Եկեղեցւոյ հիմնարկիչն տարրն է։ Առանց ընտանիքի չի կրնար գոյութիւն ունենալ ոչ Եկեղեցի եւ ոչ ալ ընկերութիւն»։
Վերջապէս անդրադառնալով 2021ի Ընտանիքներու Միջազգային Հանդիպումին, որ տեղի պիտի ունենայ Հռոմի մէջ, Կարդինալ Պասսեթթի ըսած է, թէ դա մարտահրաւէր մըն է իտալական Եկեղեցւոյ համար։ Ան նկատած է թէ ընտանիքներու սիւնհոդոսը եւ երիտասարդներու նուիրուած սիւնոհոդսը, որ պիտի կատարուի տարւոյս աշնան, լաւագոյն նախապատրաստութիւններն են 2021ի Հռոմի հանդիպումին։ Բացի այն հանգամանքէն թէ Հռոմը միշտ կը քաշէ մարդիկ ամբողջ աշխարհէն, նաեւ կարեւոր է այն պարագան թէ Հռոմի մէջ ներկայ է Սրբազան Պապը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2018, 12:28