Որոնել

Նիքարակուայի մէջ բողոքներ Նիքարակուայի մէջ բողոքներ 

Նիքարակուայի Առաքելական նուիրակի կոչը յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին «Զինադադար եւ Երկխօսութիւն»։

Կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր խիղճերուն, դիմելու համար զինադադարի, կարելի դարձնելու համար ազգային երկխօսութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Նիքարակուայի մօտ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Սթանիզլաւ Սոմմերթակ, զօրեղ կոչ մը յղած է յանուն Սրբազան Քահանայապետին, վերջ դնելու համար բռնութիւններուն, որոնք անցեալ 18 ապրիլէն ի վեր խռովութիւններ յարուցած են երկիրն մէջ եւ որ մինչեւ օրս պատճառեցին 360 մեռեալ։ 

Քաղաքական ընդդիմութիւնը կը պահանջէ Նախագահին հրաժարականը եւ ժողովրդավարութեան վերահաստատումը։

«Այս ողբերգական պահին կը փափաքիմ Քահանայապետի եւ Սուրբ Աթոռի անունով արտայայտել իմ խոր մտահոգութիւնս երկրին ապրած ծանր իրավիճակին ի տես։ Տրամաբանօրէն կարելի չէ մտածել թէ մեռեալներն ու զոհերը կարող են լուծել քաղաքական տագնապը ու Նիքարակուային ապահովել բարօրութիւն ու խաղաղ ապագայ մը» կը հաստատէ առաքելական նուիրակը աւելցնելով «Արտասուելով ու աղօթելով  բոլոր  մեռեալներուն ու անոնց ընտանիքներուն համար, մարդկային ու հոգեկան բոլոր ուժերովս կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր խիղճերուն, դիմելու համար զինադադարի, կարելի դարձնելու համար ազգային երկխօսութեան սեղանի շուրջ բանակցութիւնները, միասին որոնելու համար յարմար ելք մը՝ ստեղծուած տագնապի լուծման։  Բոլորս խոնարհաբար մենք մեզ կը դնենք Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին տակ, հայցելով Անոր օգնութիւնը, որպէսզի միշտ առաջնորդ ըլլայ մեր սիրելի Նիքարակուային»։

Նշենք թէ Նիքարակուայի մէջ ստեղծուած լարուածութեան թիրախ դարձաւ նաեւ տեղական եկեղեցին ու եկեղեցականները, որոնք հակառակ որ չի խնայուեցան սպառնալիքներէն ու բռնութիւններէն կը շարունակեն յանձնառումով գործել ազգային երկխօսութեան հաստատումին ի սպաս։

Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար՝ Տիար Անթոնիօ Կութերէս եւս քննադատեց  նախագահ Օրթեկայի կառավարութեան գործադրած  «չափազանց ուժը» ընդգծելով թէ «քաղաքացիներուն ու աշակերտներուն դէմ ուժի գործածութիւնը արգելք մըն է հարցին քաղաքական լուծում մը գտնելու համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2018, 09:42