Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Արքեպիսկոպոս Փօլ Կալլակըը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Արքեպիսկոպոս Փօլ Կալլակըը 

Արքեպիսկոպոս Կալլակըր՝ Վատիկանի դիւանագիտութեան մասին:

«Մեզի համար դիւրին է արտայայտուիլ Հռոմէն կամ բան մը ըսել միջազգային մամուլի մէջ, սակայն տեղացի ժողովուրդը կը քաշէ հետեւանքները»։

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

Ուաշինկթոն քաղաքի մէջ, կրօնական ազատութեան շուրջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը առիթով, Վատիկանի արտաքին գործերու նախարար, Արքեպիսկոպոս Փոլ Կալլակըր, եզական մօտեցում մը կը ցուցաբերէ դիւանագիտութեան հարցին։

Յուլիսի 24ին կայացած յիշեալ ձեռնարկը, «Պայքար ի Խնդիր Միջազգային Կրօնական Ազատութեան. Հեռանկարներ Վատիկանէն» խորագրով, մաս կը կազմէր յուլիսի 24-25 ԱՄՆի Պետական Բաժանմունքի կողմէ ի նպաստ միջազգային կրօնական ազատութեան վարած նախաձեռնութեան, կազմակերպուած Կրօնական Ազատութեան Հիմնարկի եւ Ամերիկայի Կաթողիկէ Համալսարանի Կրօնական Ազատութեան Կենդրոնի կողմէ։
Արքեպիսկոպոս Կալլակըր իր նախարարի պաշտօնը կը վարէ 2014 թուականէն սկսեալ։ Ան կը բացատրէ, թէ ինք երկրպագու մը չէ «զգայացունց դիւանագիտութեան», ուր ղեկավարներ հեռուէն կը կատարեն դատապարտումներ։
«Մեզի համար դիւրին է արտայայտուիլ Հռոմէն կամ բան մը ըսել միջազգային մամուլի մէջ, սակայն տեղացի ժողովուրդը կը քաշէ հետեւանքները։ Մենք կը փորձենք ներգրաւել, մտահոգութիւն ցոյց տալ եւ շատ անգամ աշխատիլ մեր տեղական ցանցերու միջոցաւ։» Արքեպիսկոպոս Կալլակըր մատնանիշ ըրած է Վատիկանի կատարած դերին՝ Վենեզուելայի եւ Նիքարակուայի բանակցութիւններուն մէջ։
«Եպիսկոպոսները պետութեան հրաւէրով ստանձնած են ընկերակցելու եւ վկայելու դերը պետութեան եւ ընդդիմադիր խմբակցութիւններու միջեւ գոյացած երկխօսութեան։ Սա շատ բարդ խնդիր է, եւ ներկայիս շատ դժուար ընթացող երկխօսութիւն մըն է, սակայն մենք կը մնանք յանձնառու. կը փորձենք մնալ յանձնառու։ Դուրս չենք գար։ Չենք հրաժարիր, որովհետեւ կը հաւատանք թէ լուծումները կարելի են։»
Գերապայծառ Կալլակըր, որ նախապէս ծառայած է իբր Քահանայապետական նուիրակ Պուրունտիի, Կուաթեմալայի եւ Աւստրալիայի մէջ, ըսած է թէ ինք առաւել եւս գիտակից է իր պատասխանատուութեան՝ տեղւոյն ժողովուրդներուն հանդէպ, երբ որոշումներ կը կայացնէ իր ներկայ պաշտօնի բերումով։
«Մենք միշտ գիտակից ենք մեր պատասխանատուութեան՝ տեղացի ժողովուրդին հանդէպ, որովհետեւ անոնք այն ժողովուրդն են, որոնք երբեմն կը վճարեն գինը, եւ ես անձնապէս կը զգամ այդ, եւ գիտեմ թէ Սրբազան Հայրն ալ կը զգայ այդ պարագան, հետեւաբար շատ զգոյշ կը մնանք։»
Ըստ Արքեպիսկոպոսին, այս այն հանգամանքներէն մին է, որ Վատիկանեան դիւանագիտութիւնը կը զանազանէ անհատ երկիրներու արտաքին քաղաքականութենէն՝ որոնք կը հետապնդեն ազգային յատուկ շահագրգռութիւններ։
«Մենք աշխարհի հնագոյն դիւանագիտական կազմակերպութիւնն ենք։ Սուրբ Աթոռը եւ Սրբազան Պապը այս պաշտօնը կը կատարեն մարդկութեան բարիքին անունով, եւ ոչ թէ պարզապէս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յառաջխաղացումին համար։ Աշխարհի գրեթէ ամէն կողմ կան կաթողիկէներ։ Երբեմն այդ կաթողիկէները փոքրամասնութիւններ են։ Անոնք կրնան բաւականին խոցելի ըլլալ։ Եթէ այն ինչ որ կʼըսենք եւ կը կատարենք կրնայ անոնց խոցելի վիճակը վատթարացնել, այն ժամանակ պէտք է երկար եւ լրջօրէն մտածենք՝ որեւէ բան իրականացնելէ առաջ։ Ասոր համար է որ կը նախընտրենք ըսել՝ ʼփորձենք եւ կատարենք դիւանագիտական միջոցներով։ Խօսինք մարդոց հետ առանձնաբարʼ։»
«Երբեմն փառաւոր յայտարարութիւնները եւ ամբաստանութիւնները ունին իրենց պատշաճ տեղը, սակայն ես կը նախընտրեմ խօսիլ մարդոց հետ, կարենալ պատճառաբանել մարդոց հետ եւ կամ անհատները դնել անձնական ճնշումի տակ։»
Գերապայծառը կը նախընտրէ սակայն աւելի հրապարակային խօսակցութիւն՝ կրօնքի եւ խղճի ազատութեան մասին, որոնք կʼանուանէ՝ «ընկերութեան լիտմոսային փորձը»։
Յիշեալ ձեռնարկին ելոյթ ունեցած են նաեւ Վատիկանի մօտ ԱՄՆի դեսապան Քալլիսթա Կինկրիչ, եւ անոր նախորդը՝ դեսպան Միկէլ Տիազ։ Զեկուցումներուն մէջ առընչելով կրօնական ազատութեան եւ կիներու իրաւունքներու խնդիրները՝ անդրադարձ կատարուած է համատարած սեռային յարձակումներու, բռնաբարումի, Ռոհինճա կիներու եւ Պուրմայի աղջիկներու սպանումներուն, Պոքօ Հարամի առեւագումներուն, Իսլամական Պետութեան կատարած ստրկացումներուն, եւ անհամար եզիտի, քրիստոնեայ եւ իսլամ կիներու բռնաբարումին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2018, 12:20