Որոնել

Ծովու միջազգային օր Ծովու միջազգային օր 

Ծովայիններուն եւ ձկնորսներուն նուիրուած միջազգային օր:

Ծովու միջոցաւ կը փոխադրուին մեր առօրեայ կեանքին մէջ օգտագործուած նիւթական բարիքներուն մեծամասնութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 8 յուլիսին, ծովայիններու եւ ձկնորսներու նուիրուած ծովու միջազգային օրուան առիթով, Վատիկանի մարդկային համապարփակ խթանման ծառայութեան բաժանմունքի կառավարիչ՝ կարդինալ Փիթեր Քոտվօ Ափփիա Թուրքսոն յղեց պատգամ մը, որուն մէջ քննադատեց մատրանապետներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները՝ ծովայիններուն ապահովելու համար խնամակալութիւն ապա ընդգծեց Վատիկանի աջակցութիւնը ծովերու ապականացման նուազեցման գործընթացէն ներս ի գործ դրուած ջանքերուն :

Ծիրանաւորը պատգամին մէջ անդրադարձաւ զանազան ազգերէ բաղկացած աւելի քան 1,200,000 ծովայիններու կեանքի դժուար պայմաններուն, որոնք կը պատկանին զանազան դաւանանքներու եւ ստիպուած են իրենց կեանքի մեծ մասը ապրիլ նաւերու նեղ պայմաններուն մէջ՝ հեռու իրենց ընտանիքներէն եւ սիրելիներէն դիտել տալով որ այդ ծովայիններն ու ձկնորսները յաճախ զրկուած են իրենց ընտանիքներուն խրախճանքներէն ինչպէս նաեւ՝ իրենց զաւակներու տարեդարձի կամ վկայականի առթիւ սարքուած տօնակատարութիւններէն:

Ծիրանաւորը ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ծովայիններուն բերած նպաստին՝ ի շահ աշխարհային տնտեսականութեան, աշխարհի մէկ ծայրէն միւս ծայր փոխադրելով մեր առօրեայ կեանքին մէջ օգտագործուած նիւթական բարիքներու 90 առ հարիւրը, ծովայիններուն ու ձկնորսներուն աշխատանքը նկատելով զոհողութեամբ լի աշխատանք:

Ծովայիններու եւ ձկնորսներու նուիրուած ծովու միջազգային օրուան առթիւ՝ կիրակի 8 յուլիսին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւս անդրադարձաւ այդ օրուան յիշելով ծովուն մէջ աշխատանքի վատ պայմաններուն մէջ ապրող ծովայինները ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք որոնք կը պայքարին ծովու ապականացումին դէմ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/07/2018, 11:42