Որոնել

Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

«Համախմբենք ուժերը երկիրը ազատելու համար» Կարդինալ Փարոլինի կոչը։

«Եթէ այս սերունդը չի գործէ ոչ մէկ ապագայ սերունդ կարող պիտի ըլլայ վերականգնելու այն վնասը որ մեր սերունդը պատճառեց մոլորակին»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կենսոլորտի ու բնապահպանութեան հայող «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականի հրատարակման երրորդ տարեդարձին առթիւ, Վատիկանի Սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ, ընթացք առաւ  «Խնամենք մեր հասարակաց տունը ու երկրի վրայ ապագայի կեանքը» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը։

Գիտաժողովին բացումը կատարեցին Կարդինալ Փիթըր Ափփիա Թուրքսոնը՝ Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան բաժանմունքի կառավարիչը եւ Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը որ «Գովեալ ըլլաս շրջաբերականի կարեւորութիւնը այսօր» նիւթին շուրջ զեկուցելով ընդգծեց թէ «ժամանակն է գործնականապէս համապատասխանելու Ֆրանչիսկոս Պապի կոչին, պաշտպանելու համար մեր հասարակաց տունը, ուշ ըլլալէ առաջ»։

Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը հաստատեց թէ՝ հրատարակութեան առաջին օրէն իսկ շրջաբերականը ունեցաւ մեծ աջակցութիւն, ըլլայ հաւատացեալներու, ըլլայ գիտական հասարակութեան կողմէ, ապա խօսքը կեդրոնացուց «համապարփակ բնապահպանութեան վրայ եւ իրարկախուածութեան վրայ»։

Ան նշեց թէ «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականը ի յայտ կը դնէ թէ որքան անկայուն է այսօր Երկիր մոլորակի իրավիճակը, այս ծիրէն ներս ընդգծելով զօդը որ կայ մարդկային ու բնական բնապահպանութեան միջեւ, ու հաստատելով թէ անբաժան կը մնան նաեւ «բնութեան խնամքը, աղքատներուն համար արդարութիւնը եւ հասարակութեան ու խաղաղութեան ի նպաստ յանձնառումը»։

«Այս բոլորը Քահանայապետին համար իրարու զօդուած են եւ մէկը միւսէն կախեալ, այսուհետեւ Երկրի ճիչը սերտօրէն կապուած է աղքատներու ճիչին։ Ասոր համար ամէնքս կանչուած ենք միացնելու մեր ուժերը, ազատելու համար մեր հասարակաց տունը» ըսաւ Կարդինալ Փարոլին իր ելոյթի ընթացքին ապա ընդգծեց «Գովեալ ըլլաս շրջաբերականի» հոգեւոր ծաւալը, զգուշացնելով ու դատապարտելով  բնութեան չարաշահումը, եւ մնացորդի մշակոյթը, որոնք արարչութիւնը կը տանին աղէտի եզրին - ըսաւ Ան ու աւելցուց  «Հարկ է ուրեմն փոխել զարգացումի ուղին» դիտել տալով թէ Կաթողիկէ ընկերային վարդապետութիւնը՝ երկիրը կը նկատէ որպէս Աստուծոյ՝ մարդոց շնորհուած պարգեւ մը, որ պէտք է պահպանել եւ ոչ թէ աւերել, այս ուղղութեամբ մատնանշելով թէ «Գովեալ Ըլլաս շրջաբերականը ուղեցոյց մըն է ընթանալու համար այս ճանապարհին վրայ»։

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Կարդինալ Թուրքսոնը որ հաստատեց թէ մեր սերունդը ունի մեծ պատասխանատուութիւն մը՝ մարդկութեան ապագայի նկատմամբ, դիտել տալով թէ եթէ մենք այսօր չփոխենք մեր ընթացքը, կը դատապարտենք յաջորդ բոլոր սերունդները ու երկրի ապագան։ «Եթէ այս սերունդը չի գործէ, ոչ մէկ ապագայ սերունդ կարող պիտի ըլլայ վերականգնելու այն վնասը որ մեր սերունդը պատճառեց մոլորակին» եզրակացուց Կարդինալ Թուրքսոն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2018, 12:23