Որոնել

Երիտասարդաց համաշխարհային օրուան նախապատրաստական հանդիպում   Երիտասարդաց համաշխարհային օրուան նախապատրաստական հանդիպում  

Փանամայի Երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքի նախապատրաստական երկրորդ հաւաքը

Միջազգային հանդիպումը նախահամն է 2019-ին Փանամայի մէջ կայանալիք երիտասարդներուն համաշխարհային հաւաքին գեղեցկութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

7-էն10 յունիս 2018, աւելի քան 80 երկիրներէն պատուիրակութիւններ եւ աշխարհի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու աւելի քան 40 անդամներ ժամանեցին Փանամա մասնակցելու համար յառաջիկայ 22-էն- 27 յունուար 2019-ին, Փանամայի մէջ կայանալիք ԵՀՕ հաւաքի նախապատրաստական միջազգային 2-րդ հանդիպումին:

Յիշեալ հանդիպումը կազմակերպած է Փանամայի ԵՀՕ կոմիտէի կողմէ համագործակցութեամբ աշխարհականներու, ընտանիքի եւ կեանքի Վատիկանեան ժողովին:

Նախապատրաստական աշխատանքներու բացումը կատարուեցաւ 6 յունիս 2018-ին, Փանամայի մայր տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագով զոր նախագահեց Փանամայի թեմի արք Գերապայծառ Խոսէ Տոմինկօ Ոլլոա Մետնիեթա, ներկայութեամբ Վատիկանի պատուիրակութեան անդամներուն եւ Փանամայի եպիսկոպոսներուն:

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ փանամայի թեմի արքեպիսկոպոս յայտնեց, թէ սոյն միջազգային հանդիպումը նախաhամն է 2019-ին Փանամայի մէջ կայանալիք երիտասարդներուն համաշխարհային հաւաքին գեղեցկութեան:

Նշենք, թէ նախապատրաստական հանդիպումի ծիրէն ներս, պատուիրակութիւններու անդամները պիտի քննարկեն հաւաքի հայող հարցեր ու առիթ պիտի ունենան այցելելու նաեւ հաւաքի կարեւորագոյն վայրեր:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2018, 12:01