Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Լատիներէն լեզուով պատարագ
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
2024.11.11 Membri del Santo Sinodo della Chiesa Siro-Malankarese Mar Thoma

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Մար Թումա Ասորի Մալանքար Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսի անդամներուն` «Աղօթենք, քալենք, աշխատինք միասին»։

Նորին Սրբութիւն այնուհետև ընդգծեց համամիութենական ճանապարհորդութեան երկու կարևոր կէտեր՝ սիւնհոդոսականութիւնը և առաքելութիւնը եւ ասկէ մեկնելով նշեց որ Մար Թումա Եկեղեցին, որ աւանդութեամբ սիւնհոդոսական է, կարող է նշանակալի կերպով սատարել համամիութենական սիւնհոդոսականութեան, ու նաեւ քրիստոնեաներու միջեւ միութեան ու Եկեղեցիներու միջեւ համագործակցութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի` 11 նոյեմբեր 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Մար Թումա Ասորի Մալանքար Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսի անդամները, հանդիպումը նկատելով «պատմական» տրուած ըլլալով, որ առաջին անգամն է, որ սիւնհոդոսի անդամները պաշտօնական այցելութիւն կու տան Վատիկան ու Քահանայապետին։

Մար Թումա Եկեղեցին «կամուրջ» ընդմէջ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի

Քահանայապետը առ այդ ակնարկեց Մար Թումա Եկեղեցւոյ համամիութենական երկար աւանդութեան զայն սահմանելով «կամուրջ» ընդմէջ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի, ընդգծելով այդ Եկեղեցւոյ համամիութենական երկրախօսութեան ծիրէն ներս կարեւոր դերակատարութիւնը, որ «պաշտօնապէս սկիզբ առաւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի տարիներուն», ըսաւ Սրբազան Պապը յիշելով ապա երկու եկեղեցիներու միջեւ կայացած վերջին հանդիպումները` ի նպաստ երկխօսութեան, մաղթելով որ կարելի ըլլայ հասնիլ Եկեղեցիներու միջեւ լիակատար հաղորդութեան։

Համամիութենական ուղեւորութիւնը` սիւնհոդոսականութեամբ և առաքելութեամբ

Նորին Սրբութիւն այնուհետև ընդգծեց համամիութենական ճանապարհորդութեան երկու կարևոր կէտեր՝ սիւնհոդոսականութիւնը և առաքելութիւնը եւ ասկէ մեկնելով նշեց, որ Մար Թումա Եկեղեցին, որ աւանդութեամբ սիւնհոդոսական է, կարող է նշանակալի կերպով սատարել համամիութենական սիւնհոդոսականութեան, ու նաեւ քրիստոնեաներու միջեւ միութեան ու Եկեղեցիներու միջեւ համագործակցութեան։

Քալենք միասին

Այս առնչութեամբ Սրբազան Պապը մէջբերեց աստուածաբան Զիզիուլասի խօսքերը, որ կ՛ըսէր թէ «Եկեղեցիներու միութեան վերջնական թուականը վերջին դատաստանի օրուայ յաջորդող օրը պիտի ըլլայ», բայց ըսաւ Ան «մինչ այդ պէտք է որ քալենք միասին, աղօթենք միասին ու աշխատինք միասին. All together. All together» շեշտեց Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով, թէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վերջերս գումարուած Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսի ժամանակ ինք առաջարկած է միասին կազմակերպել աւետարանութեան նուիրուած սիւնհոդոս մը, «բոլորս միասին» հաստատեց անգամ մը եւս Ան մատնանշելով, որ սոյն Սիւնհոդոսը պիտի մղուի` երաշխաւորելու, աղօթելու ու միասին խորհրդածելու եւ յանձնառու ըլլալու աւելի լաւ քրիստոնէական վկայութեան մը ի սպաս, որպէսզի աշխարհը հաւատայ (Յովհ. 17,21)։

Ի վերջոյ Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Մար Թումա Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսի անդամներուն անոնց աղօթքներուն վստահեցնելով իր անձը եւ իր աղօթքները ապահովեցնելով անոնց ապա հրաւիրեց իւրաքանչիւրը իր լեզուով աղօթելու «Հայր մեր» Տէրունական աղօթքը` որպէս միութեան նշան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/11/2024, 10:03
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031