Որոնել

2023.06.07 Inaugurazione Info Point Giubileo 2025

Յոյսի մէջ ուխտաւորներ. Յոբելենական տարւոյն կոնդակի ընթերցումն ու յանձման արարողութիւնը

Արարողութեան պիտի մասնակցին կարդինալական ու եպիսկոպոսական դասի անդամներ, Հռոմի Քուրիայի պատասխանատուներ, քահանաներ, դիւանագիտական մարմնի անդամներ ու հաւատացեալներ։ Կոնդակի ընթերցումին պիտի յաջորդէ ժամասացութեան աղօթքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յառաջիկայ Հինգշաբթի օր` 9 Մայիսին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, կէսօրէն ետքը ժամը 17,30 Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ պիտի նախագահէ յառաջիկայ 2025 թուականի Յոբելենական Սուրբ Տարւոյն կոնդակի ընթերցման եւ յանձնման արարողութեան»։

Լուրը յայտարարած էր Քահանայապետական ծիսակատարութիւններու գրասենեակը, որ այսօրուայ հրատարակած այլ մէկ հաղորդագրութեամբ նշեց` թէ Կոնդակը պիտի յանձնուի Հռոմի Պապական չորս Պազիլիքաներու պատասխանատուներուն, ապա աշխարհի Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, որոնց շարքին` Գերապ. Ռինօ ՖիզիքելլաՆ` Յոբելեանի կազմակերպիչ յանձնախումբի ղեկավար, Գերապ. Ֆորթունաթուս Նվաչուքովու, Աւետարանութեան Վերատեսչութենէն, Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթի` Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ եւ Կարդինալ Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթ` Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ, ապա Գերապ. Լէոնարտօ ՍափիենցաՆ, Առաքելական նախանոտարը, որ նաեւ պիտի ընթերցէ Կոնդակը։

Արարողութեան պիտի մասնակցին կարդինալական ու եպիսկոպոսական դասի անդամներ, Հռոմի Քուրիայի պատասխանատուներ, քահանաներ, դիւանագիտական մարմնի անդամներ ու հաւատացեալներ։

Կոնդակի ընթերցումին պիտի յաջորդէ ժամասացութեան աղօթքը։

2025-ի Սուրբ տարին նուիրուած է «Յոյսին» եւ հռչակուած է Ֆրանչիսկոս Պապին Գերապ. Ռինօ Ֆիզիքելլային ուղղուած 11 Փետրուար 2022 թուակիր նամակով։ Անոր բնաբանն է «Յոյսի մէջ ուխտաւորներ» մինչ անոր պատկերանշանի ներկայացումը կատարուեցաւ անցեալ տարուայ Յունիսին։

Պատկերանշանին մէջ զետեղուած են չորս ոճաւորուած կերպարներ, որոնք կը ներկայացնեն ողջ մարդկութիւնը աշխարհի չորս անկիւններէն: Անոնք զիրար գրկած են փոխադարձաբար մատնանշելով զօրակցութիւն ու եղբայրութիւնը, որ պէտք են միաւորել մարդկութիւնը։ Եւ չորս կերպարներէն առաջինը կառչած է Խաչին։

Պատկերանշանին հիմքին մէջ գտնուող ալիքները ալեկոծ են, ցոյց տալու համար, որ կեանքի ուխտագնացութիւնը միշտ ալ հանգիստ ջուրերու մէջ չի ընթանար։

Քանի, որ անձնական հանգամանքները և համաշխարհային իրադարձութիւնները յաճախ կը պահանջեն աւելի մեծ յոյսի զգացում, ըստ պատկերանշնաի նկարագրութեան, Խաչի ստորին հատուածը կ՜երկարաձգուի և կը վերածուի խարիսխի, որ կը գերիշխէ ալիքներու շարժումին վրայ:

Պատկերանշանին մէջ հուսկ կը տեսնենք թէ ինչպէս ուխտաւորի ճանապարհորդութիւնը անհատական ​​չէ, այլ համայնքային՝ աճող շարժականութեան նշաններով, որոնք երթալով կը մատնանշեն Խաչը:

2025 թուականի յոբելենական կարգախօսը՝ «Peregrinantes in Spem – Յոյսի մէջ ուխտաւորներ»-ը, նոյնպէս յստակ տեսանելի է:

Պատկերանշանի ներկայացումին առիթով Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան` Երբեմնի Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ եւ Աւետարանութեան Վերատեսչութեան աշխարհի մէջ աւետարանական հիմնախնդիրներու բաժանմունքի համավերատեսուչը նշած էր` թէ «Վերջին տարիներուն ապրուած խոցելիութիւնը, զուգորդուած պատերազմներու բռնութեան վախի հետ, միայն աւելի յարակարծային կը դարձնէ մարդկային վիճակը....եւ ահա այս իրականութեան հիման վրայ է, որ յառաջացաւ առաջարկը յաջորդ յոբելեանը ապրելու յոյսի լոյսին ներքոյ»։

Յայտնենք որ առ ի պատրաստութիւն վերոնշեալ Սուրբ Տարուան Սրբազան Պապը`  2024ը յայտարարած էր աղօթքի տարի։

Իսկ վերադառնալով Կոնդակին` Եկեղեցւոյ մէջ աւանդութիւն է որ իւրաքանչիւր Յոբելեան հռչակուի Կոնդակի մը միջոցաւ, որ ընդհանրապէս կը գրուի Լատիներէն լեզուով եւ կը կրէ Քահանայապետական կնիքը։ Իւրաքանչիւր կոնդակ ճանչցուած է իր սկզբնական բարերով` ինչպէս զոր օրինակ Ողորմութեան նուիրուած արտակարգ Յոբելենական տարուան պարագային «Misericordiae vultus – Ողորմութեան դիմագիծը» կոնդակը։

Կոնդակին մէջ ընդհանրապէս կը նշուին Յոբելենական տարւոյն սկիզբի ու աւարտի թուականները եւ սովորաբար կը հրատարակուի այդ սուրբ տարուան նախորդ տարուայ Համբարձման տօնին օրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2024, 12:23