Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Այսօրուայ պառակտուած աշխարհը Քրիստոսի կարիքը ունի

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Անկլիքան եկեղեցւոյ առաջնորդներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 2 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Անկլիքան եկեղեցւոյ առաջնորդները ու անոնց ուղղած պատգամը սկսաւ ակնարկելով Աւետարանին մէջ նշուած վերնատան մէջ փակուած եւ վախի մէջ գտնուած առաքեալներու իրավիճակին նշելով, որ «Այսօր եւս երբ Աստուծոյ ժողովուրդի առաջնորդները կը հաւաքուին, անոնք եւս կարող են զգալ նոյնիսկ միեւնոյն վախը՝ մէկը միւսին յայտնած հիասթափութիւնն ու չկատարուած սպասումները... «Այսօր եւս մեր հայեացքը սեւեռենք Քրիստոսին, քան թէ մենք մեզի ու պիտի անդրադառնանք, որ Յարուցեալը մեր մէջն է ու Ան կը փափաքի մեզի տալ իր խաղաղութիւնն ու Իր Հոգին»։

Նորին Սրբութիւնը ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց, Քանթերպուրի արքեպիսկոպոս, Ժասթին Վելպիին, Աւետարանին ի նպաստ եղբայրական համագործակցութեան համար յայտնելով, որ թէ տակաւին մոռցած չէ Հարաւային Սուտանի ճամբորդութիւնը։

«Տէրը իւրաքանչիւրին կոչ կ՝ուղղէ դառնալու միութեան կառուցողներ, նոյնիսկ եթէ տակաւին մէկ չենք ու անկատար հաղորդութիւնը պէտք չէ խանգարէ մէկը՝ միւսին հետ քալելէ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, յայտնելով իր երախտագիտութիւնը նաեւ վերջին յիսուն տարիներուն Անկլիքաններուն եւ Կաթողիկէներու միջազգային հաղորդութեան կատարած աշխատանքներուն համար, որ նուիրուածութեամբ յանձնառու դարձաւ յաղթահարելու միասնութեան ճանապարհին կանգնած զանազան խոչընդոտները, ճանչնալով նախ եւ առաջ թէ «հաղորդութիւնը՝ զոր կը միացնէ կը հիմնուի Մեր Հօր Աստուծոյ, Յիսուսի Քրիստոսի եւ Սուրբ Հոգիին հաւատքին վրայ ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի, Առաքեալներուն դաւանանքին վրայ։

Նորին Սրբութիւն անդրադարձաւ Գործ Առաքելոց գիրքին նշելով, որ Առաքեալները Սուրբ Հոգիին ներշնչումով հասան հաշտութեան եւ լուծումներու ու յորդորեց երբեք մոռնալու որ քննարկումները, աշխուժացուցած են առաջին քրիստոնեայ համայնքը, զոր Տէրը ճանչցան եւ հանդիպեցան երբ Յարութիւն առաւ։ Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց որ պէտք չէ երբեք վախնալ քննարկումներէ, պէտք է զանոնք ապրիլ առաջնորդութիւնը ձգելով Սուրբ Հոգիին։

Այսօրուայ բզկտուած աշխարհը կարիքը ունի Յիսուսի յայտնութեան, կարիքը ունի Քրիստոսը ճանչնալու ու եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է ճանչցնել Յիսուս ,ու այն ինչ որ պէտք է առաջարկենք մեր փխրուն եւ կարիքաւոր ժամանակներուն, ոչ թէ արծաթն ու ոսկին է, այլ Քրիստոսը եւ Անոր թագաւորութեան սքանչելի աւետումը։

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռք բերուած համամիութենական տարբեր երկխօսութիւններուն համար՝ առաջնութեան հարցի վերաբերեալ, որպէս կիսուելիք պարգեւ, իր ուրախութիւնը յայտնեց կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդասականութեան նուիրուած սիւնհոդոսին ընդհանուր ժողովին առաջին նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերող Անկլիքան եկեղեցւոյ պատուիրակներուն համար, որոնց շարքին եպիսկոպոս մը, վստահեցնելով որ կ՝աղօթէ որպէսզի Հռոմի եպիսկոպոսի դերի ըմբռնումը Սիւնոդի պտուղները դառնալ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2024, 10:55