Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին ընդունեց խումբ մը երիտասարդ ձեռներէցներ եւ աշխատաւորներ

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Մարդկային համապարփակ զարգացման վերատեսչութեան կողմէ նախաձեռնուած «Խնամքը աշխատանք է, աշխատանքը խնամք է» վերնագիրով խորհրդակցութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած խումբ մը երիտասարդ ձեռներէցներուն եւ աշխատաւորներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 8 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մարդկային համապարփակ զարգացման վերատեսչութեան կողմէ նախաձեռնուած «Խնամքը աշխատանք է, աշխատանքը խնամք է» վերնագիրով խորհրդակցութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած երիտասարդ ձեռներէցներ եւ աշխատողներ անոնց ուղղած պատգամը Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց խորհրդակցութեան կարեւոր նիւթերուն վրայ։

Արժանապատիւ աշխատանք եւ արդիւնահանող գործատուներ

Ֆրանչիսկոս Պապ կարեւոր նկատեց, որ աշխատանքային պայմանները՝ կապուած ըլլան միջավայրի վրայ ազդեցութիւններուն հետ, մեծ ուշադրութիւն դարձնել ազդեցութիւններուն մէջ ներգրաւուած անձերու, ֆիզիքակա, հոգեգկան, առողջութեան ինչպէս նաեւ անվտանգութեան տեսանկիւնէն։

Արժանապատիւ աշխատանք եւ պարենային անվտանգութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ վերջերս հրապարակուած պարենային անվտանգութեան զեկոյցը, ցոյց տուած է որ 2023ին, աւելի քան 280 միլիոն մարդ աշխարհի տարբեր երկիրներուն եւ տարածքներուն մէջ կը տառապին պարենային սուր անապահովութեան բարձր մակարդակով, որ կը պահանջէ շտապ օգնութիւնը։ ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Կազան եւ Սուտան, ուր բազմաթիւ անձեր որոնք կանգնած են սովին դէմ։

Արժանապատիւ աշխատանքի եւ գաղթի միջեւ յարաբերութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ շատ մը պատճառներու հետեւանքով բազմաթիւ անձեր կը գաղթեն աշխատանք փնտռելու, մինչ այլ այլ անձեր ստիպուած են փախչելու իրենց երկիրներէն յաճախ բզկտուած բռնութիւններէն եւ հակամարտութիւններէն։ ըսաւ սրբազան Հայրը աւելցնելով որ շատ մը գաղթականներ եւ խոցելի աշխատաւորներ տակաւին լիովին ներգրաւուած չեն իրենց իրաւունքներուն լիարժէքութեան մէջ, մնալով բացառուած առողջապահական եւ մարդկային ծառայութիւններէն

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն կատարած աշխատանքին համար նշելով, որ աշխարհը կարիքը ունի նորացուած յանձնառութեան, նոր ընկերային համաձայնութեան, որ մեզ միասին կը կապեն, տարեց սերունդները եւ երիտասարդ սերունդները արարչագործութեան խնամքի համար, մարդկային ընտանիքին համերաշխութեան եւ փոխադարձ պաշտպանութեան համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնը բոլորին վրայ խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրենց համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2024, 10:54