Որոնել

2024.05.08 Udienza Generale

Փոմփէի Տիրամօրմէ հայցենք խաղաղութիւնը. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Մեր Մօր յատուկէն կը յանձնեմ երիտասարդները, հիւանդները, տարեցներն ու նորապսակները որոնք այսօր ներկայ են այստեղ եւ կը խրախուսեմ բոլորը այս մայիս ամսուայ ընթացքին արժեւորելու Սուրբ Վարդարանին աղօթքը» ըսաւ ապա Քահանայապետը բոլորին շնորհելով իր օրհնութիւնները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 8 Մայիս 2024ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք ունկնդրութեան մասնակցող իտալացի եւ օտար ուխտաւորները յիշեց` թէ այսօր Եկեղեցին «Աղերսանքի աղօթք կը բարձրացնէ առ Փոմփէյի Վարդարանի Տիրամօր» եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց բոլորը հայցելու Սուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնը որպէսզի «Տէրը խաղաղութիւն պարգեւէ համայն աշխարհին, ու մասնաւորապէս սիրելի եւ Մարտիրոս Ուքրանիոյ, Պաղեստինի եւ Իսրայէլի ու Միանմարի։

«Մեր Մօր յատուկէն կը յանձնեմ երիտասարդները, հիւանդները, տարեցներն ու նորապսակները որոնք այսօր ներկայ են այստեղ եւ կը խրախուսեմ բոլորը այս մայիս ամսուայ ընթացքին արժեւորելու Սուրբ Վարդարանին աղօթքը» ըսաւ ապա Քահանայապետը բոլորին շնորհելով իր օրհնութիւնները։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2024, 10:00