Որոնել

2024.05.10 Stati Generali della Natalità

Անհրաժեշտ է իրատեսութիւն, հեռատեսութիւն եւ խիզախութիւն՝ ծնելիութեան խնդիրը դիմագրաւելու համար. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը այսօր մասնակցեցաւ «ծնելիութեան» հայող վերնախաւերու ընդհանուր Հաւաքին՝ կազմակերպած Ծնելիութեան Հիմնադրամի կողմէ, որուն նպատակն է հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը ներգրաւել այդ հարցին մէջ։

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ունկնդրէ Ֆրանչիսկոս Պապին այս եւ այլ հանդիպումներու վերաբերող լուրերը

Ուրբաթ՝ 10 Մայիս 2024ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մասնակցեցաւ «ծնելիութեան» հայող վերնախաւերու ընդհանուր Հաւաքին: Ծնելիութեան Հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ կազմակերպած ամէնամեայ այս չորրորդ հանդիպումը նոյնպէս նպատակ ունի հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը կեդրոնացնել այդ հարցին շուրջ։

Նշենք թէ Քահանայապետը մասնակցած է նաեւ նախորդ երեք հանդիպումներուն եւ այսօրուան նման ներկաներուն ուղղած է իր պատգամը։ 

Յիրաւի այս չորրորդ Հանդիպումի մասնակիցներուն դիմելով՝ Նորին Սրբութիւնը նախ շնորհակալութիւն եւ գոհունակութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն՝ ապա շեշտեց, որ ծնելիութեան նիւթը իրեն սրտին խօսող նիւթ է:

Ան ապա՝ յղում կատարելով Հաւաքի բնաբանին՝ «Ըլլալ. Աւելի շատ երիտասարդներ, աւելի շատ ապագայ» շեշտեց, որ. «Մեր «ըլլալը» պատահականութեան արդիւնք չէ. Մեզի Աստուած ուզեց, Ան մեծ եւ ուրոյն ծրագիր մը ունի մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար՝ առանց որեւէ մէկը բացառելու»։

Այս հեռանկարի համար կարեւոր է հանդիպիլ եւ միասին աշխատիլ՝ խթանելու համար ծնելիութինը՝ իրատեսութեամբ, հեռատեսութեամբ եւ խիզախութեամբ, ըսաւ Պապը ու այս երեք «բանալի բառերուն» շուրջ կառուցեց իր ճառը:

Իրատեսութիւն՝ մարդկային կեանքը խնդիր չէ, այլ՝ նուէր

Իրատեսութիւնը, ըստ Քահանայապետի, այն է, որ պէտք է դադրիլ մարդկային կեանքը խնդիր դիտելէն, քանզի ան «նուէր է»: Մինչդեռ անցեալի թիւր կարծիքը, որ շատ երեխաներու ծնունդը տնտեսական անհաւասարակշռութեան կենսամիջոցներու սղութեան եւ ապականութեան պատճառ է, պէտք է վերագրել միայն եւ միայն ինքն իրեն մասին մտածող մարդու ընտրութիւններուն, «անսանձ, կոյր եւ մոլեգնող նիւթապաշտութեան, սպառողականութեան զառանցանքին, որ չար ժահրի պէս կը յարձակի մարդոց եւ հասարակութեան գոյութեան վրայ»:

Հին մայրցամաքը կը փոխակերպուի ծեր մայրցամաքի

Խնդիրն այն չէ, թէ որքան ենք աշխարհի մէջ, այլ այն, թէ ի՞նչ տեսակ աշխարհ կը կառուցենք, (...) խնդիրը ծնուած մանուկները չեն, այլ եսասիրութիւնը, սպառողականութիւնն ու անհատապաշտութիւնը, որոնք մարդիկը կը դարձնեն կուշտ, միայնակ եւ դժբախտ, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը:

«Ծնունդներու թիւը ժողովուրդի յոյսի առաջին ցուցիչն է», հաստատեց ապա Ան եւ օրինակ բերաւ Իտալիան, ուր ծնելիութեան վիճակագրական տուեալները ցոյց կու տան, որ Երկիրը «աստիճանաբար կը կորսնցնէ ապագայի իր յոյսը, ինչպէս եւ մնացեալ Եւրոպան»:

«Հին մայրցամաքը կը փոխակերպուի ծեր, յոգնած եւ լքուած մայրցամաքի, որ այլեւս ի վիճակի չէ վայելել քաղաքակրթութեան մէջ նուէրը, կեանքի իսկական գեղեցկութիւնը», նկատել տուաւ Սրբազան Հայրը:

«Եւ կայ եւս մէկ բան, որ ժողովրդագրագէտ մը ինծի ըսաւ․ այս պահուն ամենէ եկամտաբերը զէնքի գործարաններուն ու հակաբեղմնաւորիչ միջոցներուն ուղղուած ներդրումներն են։ Մէկը կ’ոչնչացնէ կեանքը, միւսը կը կանխէ կեանքը: Ի՞նչ ապագայ կ’ակնկալենք», գրաւոր ճառէն շեղուելով ըսաւ Ֆրանչիսկոս։

Ապագան ու հեռատեսութիւնը

Ապագայ ունենալու համար անխուսափելի է հեռատեսութիւնը, շեշտեց Ան անդրադառնալով երկրորդ բանալի բառին: Պետական հիմնարկներու մակարդակով հրատապ են արդիւնաւէտ քաղաքականութիւնը եւ խիզախ, առարկայական եւ երկարաժամկէտ ընտրութիւնները: Բոլոր կառավարութիւնները յանձնառու պէտք է ըլլան յանուն ընտանիքի լուրջ եւ արդիւնաւէտ ընտրութիւններու: Մինչդեռ հասարակական մակարդակով կարեւոր է խթանել առատաձեռնութեան եւ միջսերունդային զօրակցութեան մշակոյթը», աւելցուց Սրբազան Քահանայապետը, յատուկէն նշելով, որ անհրաժեշտ է վերանայիլ սովորութիւնները եւ ապրելակերպը եւ հրաժարիլ աւելորդութիւններէ:

Խիզախութիւն ունենալ հակահոսանք երթալու

Խիզախութեան անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապը դիմեց ուղղակիօրէն երիտասարդներուն, խրախուսելով վաղուայ օրը միասին կառուցել: «Այդ «միասին»ի մէջ առաջին հերթին կայ Տէրը», ըսաւ Քահանայապետը եւ կոչ ըրաւ չի յանձնուելու ուրիշներու կողմէ արդեն գրուած տեսարանին եւ սկսիլ միասին թիավարել, ընթացքը շրջելու համար, անգամ հակահոսանք երթալու գնով:

Ասկէ մեկնելով Ան ընդգծեց, որ Ծնելիութեան Հիմնադրամը ճիշտ այդ նպատակով է, որ կը կազմակերպէ ամենամեայ այս հանդիպումը՝ ներգրաւելով քաղաքական, գործարար, տնտեսագիտութեան, մարզանքի, զուարճանքի եւ լրագրողական աշխարհը։

«Սակայն ապագան միայն երեխաներ ունենալով չի՛ կառուցուիր։ Կարեւոր են տատիկ-պապիկները», կրկին յանպատրաստից խօսելով նշեց Քահանայապետը՝ շեշտելով, որ խիզախութեան հետ կարեւոր է յիշողութիւնը եւ, որ  «ապագան երիտասարդներն ու տարեցները միասին կը կերտեն» եւ  յորդորեց երեխաներ ունենալ եւ հոգ տանիլ տատիկներուն ու պապիկներուն։

Ան աւարտեց ճառը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին՝ կատարած աշխատանքի համար՝ խնդրելով չմոռնալ աղօթել իրեն համար եւ իրեն ի նպաստ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2024, 09:42