Որոնել

2024.05.09 Ascensione del Signore â   Consegna e lettura della Bolla di indizione del Giubileo 2025 e Secondi Vespri

Ֆրանչիսկոս Պապին համբարձման տօնի քարոզը` վերագտնել, հռչակել եւ կառուցել յոյսը

«Յոյսին կարիքը ունի նաեւ Եկեղեցին, որպէսզի երբ փորձարկէ յոգնութեան ու դիւրաբեկութեան ծանրութիւնը երբեք չմոռնայ, որ ինք Քրիստոսին Հարսն է, սիրուած` հաւատարիմ եւ յաւիտենական սիրով, կոչուած պահպանելու Աւետարանին լոյսը եւ կոչուած բոլորին փոխանցելու հուրը, որ Յիսուս բերաւ ու վարեց աշխարհին մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով որ այս յոյսին կարիքը ունի նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրս...

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Հինգշաբթի 9 Մայիս 2024ին, կէսօրէն ետք ժամը 5,30ին, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ տեղի ունեցաւ համբարձման տօնի ժամասացութեան արարողութիւնը, որուն սկիբզը պազիլիքայի Նախագաւիթին մէջ Սուրբ Դռան առջեւ ընթերցուեցաւ  2025ի Յոբելենական Սուրբ Տարին հռչակող Կոնդակը,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորութեամբ։

Կոնդակի յանձնման արարողութիւն

Կոնդակը յանձնուեցաւ  Պապական չորս պազիլիքաներու պատասխանատուներուն Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթիին` Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի Աւագերէց, Գերապ. Կուերինօ Տի Թոռա, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի Աւագերէցի փոխանորդ, Կարդինալ Սթանիզլաւ Ռիլքօ` Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքայի Աւագերէց, Կարդինալ Ժէյմս Միքայել Հարվէյ, Սուրբ Պօղոս Պազիլիքայի Աւագերէց։

Ապա Գերապ. Ռինօ Ֆիզիքելլային` Աւետարանութեան Վերատեսչութեան Համա-Վերատեսուչ եւ Յոբելեանի կազմակերպիչ։

հուսկ`

Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէի` Աւետարանութեան Վերատեսչութեան Համա-Վերատեսուչ, որպէս ներկայացուցիչ Ասիայի եպիսկոպոսներուն, Գերապ. Ֆորթունաթուս Նվաչուքովու,յի Աւետարանութեան Վերատեսչութեան քարտուղար, որպէս ներկայացուցիչ Ափրիկեան ցամաքամասի եպիսկոպոսներուն, Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթի` Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ, որպէս ներկայացուցիչ Արեւելեան Եկեղեցիներու բոլոր եպիսկոպոսներուն, Կարդինալ Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթ` Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ, որպէս ներկայացուցիչ միւս բոլոր եպիսկոպոսներուն եւ ի վերջոյ Գերապ. Լէոնարտօ ՍափիենցաՆ, Առաքելական նախանոտարներու դասի Աւագ եւ Քահանայապետական տան հոգաբարձութեան տեղակալ, որ նաեւ պիտի ընթերցէ Կոնդակը։

Քրիստոս մեր յոյսին հիմքը

Կոնադկի յանձնման արարողութենէն ետքը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ժամասացութեան արարողութիւնը որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուան տօնին նշանակութեան վրայ, դիտել տալով` որ «Յիսուսին համբարձումը երկինք բաժանում չէր...այլ անոր առաքելութեան կատարումը. Յիսուս մեր մօտ իջած էր մեզ բարձրացնելու համար մինչեւ Հայրը...իջաւ աշխարհիս խորքերը, որպէսզի Երկինքը բացուէր մեր վրայ։ Ան կործանեց մեր մահը, որպէսզի մենք ընկալենք կեանքը, առ յաւէտ։

«Ահա այս է մեր յոյսին հիմքը» ըսաւ Քահանայապետը ու նշեց թէ այս է այն յոյսը որ պիտի տօնախմբենք, ընկալենք եւ հռչակենք համայն աշխարհին, դռան սեմին գտնուող յառաջիկայ Յոբելեանի ընթացքին»։

Քրիստոնէական յոյսը

Անիկա մարդկային պարզ լաւատեսութիւն մը չէ այլ իրականութիւն մը, որ լրումը գտաւ Յիսուսին մէջ։ Սուրբ Պետրոս կը գրէ` որ «քրիստոնէական յոյսը, ժառանգութիւն է, որ չի փճանար, չի բծանար և չի փտիր» (1 Pt 1,4).

«Անիկա թիկունք է մեր կեանքի ուղեւորութեան...մեր առջեւ կը բանայ ապագայի ճամբաները.. մեզի ցոյց կու տայ բարին, երբ չարը կը թուայ գերակայել, մեր սրտերուն մէջ անդորրութիւն կը սերմանէ, երբ ան ծանրացած է մեղքէն եւ ձախողութենէն, երազել կու տայ նոր մարդկայնութիւն մը ու մեզ արի կը դարձնէ կառուցելու եղբայրական ու խաղաղ աշխարհ մը» ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց Յոբելեանի պատրաստութեան այս Աղօթքի տարւոյն ընթացքին մեր սրտերը տանելու Քրիստոսին, որպէսզի դառնանք «յոյսի երգիչներ աշխարհի մը մէջ, որ յատկանշուած է բազմաթիւ յուսալքումներով» ։

Բոլորս կարիքը ունինք յոյսին

Քահանայապետը հրաւիրեց այս մէկը ընել արարքներով, խօսքերով առօրեայի ընտրանքներով, ամենուրէք համբերութեամբ սերմանելով գեղեցկութիւն եւ ազնուութիւն.... «Մենք արդարեւ յոյսին կարօտը ունինք» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը։ Անոր կարիքը ունի մեր դարաշրջանը... արարչագործութիւնը... ժողովուրդներն ու ազգերը, որոնք դէպի վաղուան կը նային վախով ու մղձաւանջով, մինչ անարդարութիւնները կը շարունակուին, աղքատները լուսանցքային կը դառնան, պատերազմները մահ կը սերմանեն...եւ վտանգը կայ որ աւելի եղբայրական աշխարհի մը երազը յայտնուի` որպէս պատրանք։

Անոր կարիքը ունին երիտասարդները, որոնք յաճախ կորսուած վիճակի մէջ են բայց կը փափաքին ապրիլ լիութեամբ, կարիքը ունին տարեցները, հիւանդները, ու բոլոր վիրաւորները...

Յոյսին կարիք ունին նաեւ Եկեղեցին

«Յոյսին կարիքը ունի նաեւ Եկեղեցին, որպէսզի երբ փորձարկէ յոգնութեան ու դիւրաբեկութեան ծանրութիւնը երբեք չմոռնայ, որ ինք Քրիստոսին Հարսն է, սիրուած` հաւատարիմ եւ յաւիտենական սիրով, կոչուած պահպանելու Աւետարանին լոյսը եւ կոչուած բոլորին փոխանցելու հուրը, որ Յիսուս բերաւ ու վարեց աշխարհին մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով որ այս յոյսին կարիքը ունի նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրս...

«Ամէն ինչ մեզմէ ներս ու դուրս կը հայցէ յոյս եւ առանց իմանալու կը փնտռէ Աստուծոյ մօտիկութիւնը» նշեց ապա Սրբազան Պապը քարոզի աւարտին մէջբերելով Ռոմանօ Կուարտինիին խօսքերը ապա քարոզը աւարտեց հայցելով որ «Յարութիւն արած եւ Երկինք համբարձած Յիսուս, մեզի պարգեւէ նորքը վերագտնելու յոյսը, հռչակելու յոյսը եւ կառոցելու յոյս»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2024, 18:36