Որոնել

FILE PHOTO: A child who fled with his parents from attacks of armed militants in the Sahel region watches a woman on a bicycle at a camp for internally displaced people (IDPs) in Kaya

Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի անուան Սահելի ի նպաստ հիմնարկի քառասուն ամեակ. Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը

«Այլեւս սպասումի ժամանակը չէ. Պէտք է գործի անցնիլ» գրեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ «ոչ մէկը կարող է ժխտել իւրաքանչիւր մարդ արարածի հիմնական իրաւունքը ապրելու արժանապատւութեամբ եւ զարգանալու համապարփակ ձեւով», այս ուղղութեամբ ընդգծելով «բարեգործութեան» կարեւորութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 10 Մայիս 2024ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղեց` Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի անուան Սահելի ի նպաստ հիմնարկի նախագահ Կարդինալ Միքայել Չեռնիին, հիմնարկի հիմնադրութեան քառասուն ամեակին առիթով կազմակերպուած «անապատացումի» նիւթին հայող հաւաքի մասնակցողներուն։

Ձայնն էր անոնց որոնք ձայն չունին

Քահանայապետը պատգամը սկսաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ խօսքերով, զոր Ան արտասանած էր 10 Մայիս 1980ին Պուրիքնա Ֆազոյի մայրաքաղաք Ուակատուկույի մէջ որուն ընթացքին կոչ ուղղած էր համայն աշխարհին ի նպաստ Ափրիկեան ցամաքամասին ձայն դառնալով դիւրաբեկութեան մէջ ապրող մարդոց` ձայն «Հայրերուն և մայրերուն, որոնք տեսան, թէ ինչպէս իրենց երեխաները կը մահանան առանց հասկնալու, կամ որոնք միշտ իրենց երեխաներու մէջ կը տեսնեն սովի և ծարաւի հետևանքները, զոր անոնք կրեցին. Ապագայ սերունդներու ձայնը, որոնք այլևս պէտք չէ ապրին իրենց կեանքի վրայ ծանրացող այս սարսափելի սպառնալիքի տակ»:

«Անիկայ ձայնն էր անոնց, որոնք ձայն չունին, անմեղներու ձայնը», գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամին մէջ դիտել տալով, որ «Սահելի ի նպաստ Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան հիմնարկը հաստատուեցաւ Սուրբ Քահանայապետի կողմէ, որպէսզի անոր Կոչը ըլլայ շօշափելի սիրոյ նշան Արևմտեան Ափրիկէի իր որդիներուն և դուստրերուն նկատմամբ», եւ ասկէ մեկնելով նշեց, որ «Սուրբ Աթոռը հետաքրքրութեամբ կը հետեւի Հիմնարկի գործունէութեան Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վերատսեչութեան միջոցաւ»։

Արտաքին ու ներքին անապատները

Ֆրանչիսկոս Պապը յղում կատարեց նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ խօսքերուն որ յայտնած էր` թէ արտաքին անապատները կարող են ըլլալ ներքին անապատներու արտացոլումը եւ հրաւիրեց հոգ տանի հասարակաց տան, որ կը նշանակէ հոգ տանիլ իւրաքանչիւր անձի, որ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն» յարեց Ան հարցում ուղղելով, թէ ինչպէս կարելի է վերացնել կամ առ նուազն թեթեւցնել աղքատութեան ու դիւրաբերութեան մէջ ապրող մարդոց ցաւերը եւ այս հարցումին պատասխանեց ընդգծելով Աստուծոյ ժողովուրդին պարտականութիւնը ինքզինք դնելու առաջնագիծի վրայ «պատասխան տալու համար անթիւ աղքատ մարդկանց լուռ աղաղակին, յատկապէս Սահելի մէջ»։

Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա Ափրիկեան ցամաքամասի որոշ երկիրներու մէջ ապրուած տագնապներուն ու խաղաղութեան, կայունութեան, ապահովութեան ու զարգացումի պակասին, որ յաճախ կապուած են ահաբեկչութեան արարքներուն, տնտեսական անկայունութեան ու կլիմայական փոփոխութիւններուն ու կաշառակերութեան, որ աւելիով կը ծանրացնեն որոշ Երկիրներու վիճակը եւ քաղաքացիներուն աղքատ իրավիճակը, յառաջացնելով գաղթի երեւոյթը յատկապէս երիտասարդներու միջեւ։

«Այլեւս սպասումի ժամանակը չէ. Պէտք է գործի անցնիլ»

«Այս համատեքստը աւելի եւ աւելի կը բարդացնէ հիմնարկի խնդիրը, բայց աւելի ու աւելի էական կը դարձնէ անոր գործունէութիւնը», գրեց Սրբազան Պապը պատգամին մէջ ու վերանորոգեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին կոչը, զայն յղելով բոլոր բարի կամքի տէր մարդոց. «Գործեցէք վասն անվտանգութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան Սահելի մէջ»։

«Այլեւս սպասումի ժամանակը չէ. Պէտք է գործի անցնիլ» գրեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ «ոչ մէկը կարող է ժխտել իւրաքանչիւր մարդ արարածի հիմնական իրաւունքը ապրելու արժանապատւութեամբ եւ զարգանալու համապարփակ ձեւով», այս ուղղութեամբ ընդգծելով «բարեգործութեան» կարեւորութիւնը։

Բարեգործութիւնը

«Բարեգործութիւն է տանջուող մարդուն ուղեկցիլը, և նաև բարեգործութիւն է այն ամէնը, ինչ մենք կ՛ընենք, նոյնիսկ առանց անմիջական կապի մէջ ըլլալու այդ մարդու հետ, փոխելու համար ընկերային այն պայմանները որոնք անոնց տառապանքի պատճառն են» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը յղում կատարելով « Fratelli Tutti» շրջաբերականին ու պատգամը աւարտեց մաղթելով որ «Սահելի ի նպաստ Յովհաննէս Պօղոս Բ» հիմնարկի ստեղծումին այս յիշատակումը առիթ ըլլայ «բացայայտելու, խթանելու և վճռական օրէն իրականացնելու բոլոր այն նախաձեռնութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են արդարութիւն և խաղաղութիւն կառուցելու համար Սահելի մէջ եւ բոլոր բնակչութեան ամբողջական և կայուն մարդկային զարգացման համար»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2024, 12:15