Որոնել

Il Papa in Aula Paolo VI per l'udienza generale

Քահանայապետը ժողովրդապետներուն. Եղէք միսիոնար եւ սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ կառուցողները

«Ժողովրդապետներ Սիւնհոդոսի համար» հաւաքին մասնակցող Քահանաներուն ուղղած նամակով մը Ֆրանչիսկոս Պապ կը մատնանշէ երեք ուղիներ` ճանչնալ հաւատացեալներուն մէջ Սուրբ Հոգիին սերմերը, դիմել հասարակական զատորոշումին եւ հաղորդութիւն հաստատել քահանաներուն եւ եպիսկոպոսներուն միջեւ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Զաւակներուն ուղղուած հօր մը նամակ է, հայր` որ կը ճանչնայ իր զաւակներուն յոգնութիւնները ու զանոնք կը խրախուսէ յառաջ ընթանալու Եկեղեցւոյ բարիքին համար, իրենց յանձնուած առաքելութեան մէջ։ Այս է հակիրճ կերպով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին օգտագործած ոճը նամակին մէջ զոր ուղղեց աշխարհի տարբեր վայրերէն Վատիկան ժամանած 300 ժողովրդապետներուն, որոնք այս օրերուն մասնակցեցան «Ժողովրդապետներ Սիւնհոդոսի համար» բնաբանով հաւաքին, որ կազմակերպուած էր Սիւնհոդոսի ընդհանուր Քարտուղարութեան, Կղերի Վերատեսչութեան, Աւետարանումի Վերատեսչութեան եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան կողմէ եւ սկիզբ առաւ անցեալ 29 Մայիսին ու կ՛աւարտի այսօր` 2 Մայիսին։

Երախտագիտութիւն ու գնահատանք

Նամակին մէջ Քահանայապետը երախտագիտութիւն և գնահատանք կ՛արտայայտէ անոնց` որոնք առաքելութիւն կը կատարեն ծայրամասային եկեղեցիներու կամ գաւառներու չափ մեծ եկեղեցիներու եւ կամ հին եկեղեցիներուն մէջ, ուր միշտ աւելիով կան տարիքոտ հաւատացեալներ եւ կամ «եկեղեցիներ, որոնք կը ծնին մեծ ծառի մը տակ, ուր թռչուններու երգը կը խառնուի երեխաներու երգին» կը գրէ Ան:

Սիւնհոդոսական Եկեղեցի

Նորին Սրբութիւնը կը յիշեցնէ սիւնհոդոսական Եկեղեցի ըլլալու կարեւորութիւնը, որ պէտք ունի իր ժողովրդապետներուն. «Մենք երբեք միսիոնար սիւնհոդոսական Եկեղեցի պիտի չդառնանք, եթէ ժողովրդապետական հասարակութիւնները, իրենց կեանքի յատկանիշ չի դարձնեն բոլոր մկրտուածներու մասնակցութիւնը Աւետարանի հռչակումին միակ առաքելութեան մէջ»։

Ունկդներլ Սուրբ Հոգին

«Եթէ ժողովրդապետութիւնները սիւնհոդոսական և միսիոներական չեն, եկեղեցին ալ այդպէս չի կրնար ըլլալ» կը հաստատէ ապա Սրբազան Պապը շեշտը դնելով ուրախութեան, աղօթքի, զատորոշումի եւ առաքելական կիրքի վրայ։ «Շնորհքով զօրացած՝ անհրաժեշտ է ունկնդրել Սուրբ Հոգին և շարունակել Խօսքը աւետել, համայնքը համախմբելով եւ «հացը բեկանելով» կը գրէ Ան։

Քահանայապետը ապա երեք ցուցմունքներ կու տայ. Առաջինը` կը խրատէ քաղել Սուրբ Հոգիին պտուղները, զոր Ան կը ցանէ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ։ «Համոզուած եմ, կը գրէ Սրբազան Պապը, որ այդպիսով ի յայտ պիտի դնէք թաքուն շատ մը գանձեր ու դուք ձեզ պիտի գտնէք նուազ միայնակ այս աւետարանումի մեծ պարտականութեան մէջ»

Զատորոշում

Ան ապա կը հրաւիրէ դիմելու զատորոշումին որ «բանալի տարր մըն է սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ հովուական գործունէութեան համար», որովհետեւ թոյլ կու տայ ճանչնալ խարիզմները, «իմաստութեամբ բաժնելով պարտականութիւններ եւ առաքելութիւն», եւ Սուրբ Հոգիի լոյսին ներքոյ ծրագրելով հովուական ճանապարհներ, աւելի անդին երթալով ձեռնարկներու պարզ ծրագիրներէն»:

Եղբայրութիւն

Քահանայապետին այլ բանալի բառը եղբայրութիւնն է։ Եղբայրութիւն, որ պէտք է կիսել քահանաներու եւ եպիսկոպոսներու միջեւ։ «Կարող չենք իսկական հայրեր ըլլալ եթէ նախ եւ առաջ զաւակներ ու եղբայրներ չենք։ Եւ կարող չենք հաղորդութիւն ու մասնակցութիւն հրահրել մեզի յանձնուած հասարակութիւններուն մէջ եթէ նախ եւ առաջ զանոնք չենք ապրիր մեր միջեւ» կը գրէ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ միայն այսպիսով է որ մենք կը դառնանք հաւատալի։

Հայեացքը ուղղել դէպի յառաջիկայ սիւնհոդոս ու դառնալ սիւնհոդոսականութեան առաքեալներ

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապը ժողովրդապետները կը խրախուսէ իրենց հայեացքը ուղղելու դէպի Եպիսկոպոսներու ԺԶ սովորական ընդհանուր սիւնհոդոսի երկրորդ նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսուան մէջ, դառնալով սիւնհոդոսականութեան առաքեալներ։

«Քահանաներուն ձայնը պէտք է լսելի ըլլայ, որպէսզի անոնց ներդրումը Սիւնհոդոսին ուղղութեամբ երթալով դառնայ աւելի վճռորոշ» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2024, 10:45