Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «International Network of Societies for Catholic Theology» անդամները Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «International Network of Societies for Catholic Theology» անդամները  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Կաթողիկէ դաւանանքը կը գործէ բարեգործութեան միջոցաւ, ապա թէ ոչ մեռած հաւատք կը դառնայ

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը. «International Network of Societies for Catholic Theology» հաստատութեան անդամներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ Ֆրանչիսկոս Պապին այս եւ այլ հանդիպումներու վերաբերող լուրը

Ուրբաթ, 10 մայիսին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց dell’International Network of Societies for Catholic Theology հաստատութեան անդամները ու անոնց յանձնեց գրաւոր պատգամ մը որուն սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց այլ դաւանքներու հետ երկխօսութեան նուիրուած կատարած միջ կարգապահական աշխատանքներուն համար։

Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց Աստուածաբանութեան վրայ, նշելով որ Աստուածաբանութիւնը եկեղեցական թանկարժէք ծառայութիւնն է ու անոր բոլորս կարիքը ունինք։

«Կարիքը ունինք Աստուածաբանութեան, որովհետեւ գիտական եւ թեքնիկական առաջընթացի մարտահրաւէրները, որոնց շարքին արհեստական բանականութիւնը, այսօր մեզ կը ստիպեն ու կը միաւորեն հասկնալու թէ ինչ է մարդկայինը, ինչը մարդու արժանի է, ինչ է մարդուն մէջ անկրկնելի, քանի որ աստուածային է, այսինքն Քրիստոսի մէջ Աստուծոյ պատկերն ու նմանութիւնը» ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա թուեց Աստուածաբանութեան զարգացման համար երեք ուղղութիւններ։ Ստեղծագործական աւանդութեան հաւատարմութիւնը, Միջ կարգապահութիւն ապա նուիրապետութիւնը։ «Ասոնք եկեղեցւոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիրտին մէջ Աստուածաբանի մը կոչումի բաղադրիչներ են» ըսաւ Սրբազան հայրը շեշտելով որ աւանդութիւնը կենդանի է, Աւանդութիւնը պէտք է աճի մարմնանալով Աւետարանը աշխարհի ամէն անկիւններուն եւ մշակոյթներուն միջեւ։

Նորին Սրբութիւնը գրաւոր պատգամը եզրափակեց նշելով որ «Պենետիկտոս ԺԶ Պապը կը խնդրէր, որ բոլոր գիտութիւնները ընդլայնեն գիտական բանաւորութեան բոլոր սահմանները՝ իմաստութեան իմաստով։ Ան ապա խնդրեց, որ այս ընդլայնումը պէտք է որ տեղի ունենայ նաեւ Աստուածաբանութեան մէջ, որպէսզի այդ իւրաքանչիւր մարդու համար եւ Աստուծոյ ժողովուրդի համար ըլլայ քննադատական գիտելիքը, համադրելով առաքինութիւն եւ գիտութիւնը, քննադատական բանականութիւն եւ սէրը, «Որովհետեւ կաթողիկէ հաւատքը կը գործէ բարեգործութեան միջոցաւ, ապա թէ ոչ կը դառնայ մեռած հաւատք», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ  Իմաստասիրական աստուածաբանութիւնը, սիրոյ Աստուածաբանութիւն է, որովհետեւ «Ան որ չսիրեր, Աստուած չճանչցաւ, որովհետեւ Աստուած սէր է», (1Յովհ 4,8)։  Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց մաղթելով բարի աշխատանք ապա իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ խնդրելով ինչպէս միշտ, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2024, 10:29