Որոնել

2023.05.30 TORTURA

Ֆրանչիսկոս Պապ. ազատ արձակել ռազմագերիները, խոշտանգումները անմարդակային են

Ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Քահանայապետը յիշեց պատերազմի մէջ գտնուող բոլոր ժողովուրդները եւ կոչ ըրաւ ազատ արձակելու ռազմագերիները հաստատելով որ խոշտանգումները կը խոցեն մարդու արժանապատուութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 17 ապրիլի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած ունկնդրութեան մասնակցող հաւատացեալները զանազան լեզուներով ողջունելէն ետքը յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց հիւանդներուն, տարեցներուն, նորապսակներուն ու երիտասարդներուն, անոնց աւելցնելով նաեւ բազմաթիւ աշակերտները` «որոնք մեզ կ՛ուրախացնեն իրենց ներկայութեամբ» ըսաւ Ան բոլորին մաղթելով` որ «Յաւիտենական Քաղաքէն մեկնելէն ու իրենց կեանքի սեփական շրջաններ վերադառնալէն ետքը, իրենց հետ տանին գործունեայ հաւատքի վերականգնուած յանձնառութեան վկայութիւնը, նպաստելով Յարուցեալ Քրիստոսին լոյսը ցոլացնելու աշխարհին մէջ»։

Քահանայապետը ապա նշեց թէ այս պահուն մեր միտքը ուղղուած է նաեւ պատերազմի մէջ գտնուող ժողովուրդներուն. Մտածենք Սուրբ Երկրին, Պաղեստինի, Իսրայէլի։ Մտածենք Ուքրանիոյ, նահատակ Ուքրանիոյ։ Մտածենք ռազմագերիներուն...Թող որ Տէրը շարժէ կամքը զանոնք բոլորը ազատ արձակելու։ Եւ խօսելով բանտարկեալներու մասին կը մտաբերեմ անոնք որոնք խոշտանգումներու կ՛ենթարկուին։ Բանտարկեալներու խոշտանգումը, շատ վատ բան մըն է, անմարդկային է» ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով մտածելու այդ խոշտանգումներու մասին «որոնք կը վիրաւորեն մարդ անհատի արժանապատուութիւնը»։

«Թող Տէրը օգնէ բոլորին եւ օրհնէ բոլորը» ըսաւ ապա Ան իր օրհնութիւնները շնորհելով բոլոր ներկաներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2024, 10:55