Որոնել

Սուրբ Ֆրանչիսկոս Սուրբ Ֆրանչիսկոս 

Սուրբ Ֆրանչիսկոսին նուիրուած Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին նոր աղօթքը

ՈՎ Սուրբ Ֆրանչիսկոս բարեխօսէ մեզի համար, որպէսզի մեզի համար քաղցր ըլլայ կեանքի բեռը կրելը

Ով Սուրբ Ֆրանչիսկոս,

մարմնի եւ հոգիի մէջ Խաչուածի սէրէն վիրաւորուած մարդ,

Քեզի կը նայինք` դուն որ զարդարուած ես Յիսուսին վէրքերով,

որպէսզի սորվինք սիրելու Տէր Յիսուսը,

եղբայրներն ու քոյրերը, քու սիրովդ եւ քու կիրքովդ։

Քու հետդ աւելի դիւրին է խոկալն ու հետեւիլը

աղքատ եւ Խաչուած Քրիստոսին։

Ֆրանչիսկոս,

Տո՛ւր մեզի քու հաւատքիդ թարմութիւնը,

յոյսիդ վստահութիւնը

եւ եղբայրսիրութեանդ քաղցրութիւնը։

Բարեխօսէ՛ մեզի համար,

որպէսզի մեզի համար քաղցր ըլլայ կեանքի բեռը կրելը

եւ փորձութեան ժամանակ կարող ըլլանք փորձարկել

Հօր քնքշութիւնը եւ Սուրբ Հոգիին բալասանը։

Մեր վէրքերը թող դարմանուին Քրիստոսի Սիրտով,

որպէսզի մենք` քեզի նման, դառնանք, Անոր ողորմութեան վկաները,

որ կը շարունակէ բուժել եւ վերանորոգել բոլոր անոնց կեանքերը,

որոնք զինք կը փնտռեն անկեղծ սիրտով։

Ով Ֆրանչիսկոս, որ նմանելի դարձար Խաչեալին,

թող որ քու սպիներդ մեզի եւ աշխարհին համար դառնան

կեանքի եւ յարութեան պայծառ նշաններ,

որոնք ցոյց կու տան խաղաղութեան եւ հաշտութեան նոր ուղիները։

Ամէն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2024, 12:17