Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ. Թոյլ տուէք որ Տիրամայրը ձեր բնակարաններուն մէջ մտնէ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին լսատեսողական պատգամը Իտալիոյ Թերմոլի քաղաքի հաւատացեալներուն, Ֆաթիմայի Տիրամօր սրբապատկերին համանուն քաղաքին մէջ ուխտագնացութեան կապակցութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը ուղղեց Իտալիոյ Թերմոլի քաղաքի հաւատացեալներուն, Ֆաթիմայի Տիրամօր սրբապատկերին համանուն քաղաքին մէջ ուխտագնացութեան կապակցութեամբ, զոր տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 25էն ապրիլէն 5 Մայիս։

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը նշեց, որ Թերմոլի քաղաքի հաւատացեալները ունին յոյժ կարեւոր այցելութիւն մը՝ Տիրամօր այցելութիւնը դիտել տալով որ «Աստուածամայրը կը մտնէ թեմերուն եւ ժողովրդապետութեան մէջ, ձեր բնակարաններուն եւ ընտանիքներուն մէջ։ Սակայն՝ Տիրամայրը շատ կրթուած է, ան չկոտրեր, այլ դուռը կը թակէ։ Ձեզմէ ամէն մէկը պէտք է, որ պատասխանէ։ Աստուածամայրը կը թակէ քու սիրտդ, քու խիղճդ, քու տունդ եւ ընտանիքդ եւ դուն կրնաս ըսել, «Օն յառաջ, յառաջ, յառաջ կամ ալ ըսել որ, «Այսօր չեմ կրնար, վաղը վերադարձիր» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խրատելով, որ պէտք է զգոյշ ըլլանք «այսօր ոչ՛ եւ վաղը այո՛» ըսելէ ու երբ Տիրամայրը դուռը կը թակէ, պէտք է անմիջապէս պատասխանել ըսելով «Այո՛ Տիրամայր, դուն ընտանիքիս մաս կը կազմես եւ լա՛ւ գիտես իմ ըրած գործերս, իմ խնդիրներս» ըսաւ քահանայապետը խրախուսելով բանալու դուռը Տիրամօր առջեւ։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց յանձնարարելով մտածելու, թէ ին՛չ պիտի պատասխանենք Տիրամօր, որ այսօր մեր մէջ կը գտնուի, կը թակէ շատ մը դուռերը, նաեւ մեր սիրտի դռները։ «Աստուած ամէն բան կը ներէ։ Քաջութեամբ յառաջ ընթացէք։ Թող Տէրը ձեզ օրհնէ եւ աղօթեցէք ինծի համար։ Պայ պայ», ըսաւ քահանայապետը լսատեսողական պատգամին մէջ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2024, 11:00