Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իսրայէլցի գերիներու ընտանիքները

Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց տակաւին ՀԱՄԱՍ-ի ձեռքերուն տակ գտնուող Իսրայէլցի գերիներու ընտանիքները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 8 ապրիլին, առաւօտեան, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց տակաւին ՀԱՄԱՍ-ի ձեռքերուն տակ գտնուող խումբ մը Իսրայէլցի գերիներու ընտանիքները։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ անցեալ 7 հոկտեմբերին, Իսրայէլի դէմ գործադրուած յարձակումէն վեց ամիս ետք, որուն հետեւանքով մահացան 1200 հոգի ու միեւնոյն օրը առեւանգուեցան 240 անձեր։ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումին Գերիներու հարազատները իրենց ձեռքերուն մէջ կրած էին առեւանգուածներուն դիմագիծերու պաստառներ ու հանդիպումը տեւած է շուրջ մէկ ժամ։

Անցեալ 22 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ երկու առանձին առիթներով ընդունած էր Իսրայէլցի գերիներուն հարազատները եւ խումբ մը պաղեստինցիներ, որոնց ընտանիքները Կազա կը գտնուին ու թիրախ են պատերազմին։

«Քահանայապետը կ՝ուզէ իր հոգեւոր մօտիկութիւնը յայտնել իւրաքանչիւրին,» ըսած էր Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն, Մաթթէօ Պրունին։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր հանրային պատգամներուն մէջ շատ անգամ կոչ ըրած է գերիներու ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ հրադադարի եւ բնակչութեան մարդասիրական օգնութեան հասանելիութեան համար, որպէս հրատապ, անհրաժեշտ պայմաններ՝հակամարտութեան լուծման ի խնդիր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2024, 12:54