Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Քարմելիթեան միաբանութեան միանձնուհիներ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Քարմելիթեան միաբանութեան միանձնուհիներ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Համարձակ ընտրութիւններ կատարեցէք հիմնուելով Աւետարանի եւ ոչ թէ մարդկային հաշիւներուն վրայ

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քարմելիթեան միաբանութեան մեծաւորուհին ու պատուիրակները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 18 ապրիլին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քարմելիթեան բոպիկ միանձնուհիներ միաբանութեան մեծաւորուհին ու պատուիրակները, որոնք հաւաքուած են մտածելու եւ աշխատելու համար իրենց միաբանութեան սահմանադրութեան վերանայման վրայ։

«Վերանայիլ սահմանադրութիւնները կը նշանակէ հաւաքել անցեալի յիշատակը՝ նայելու համար ապագային», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, աւելցնելով, որ միաբանութեան «պատմութեան յիշատակը եւ այն ինչ որ հասունցած է տարիներուն հոլովոյթին սահմանադրութիւններուն մէջ հարստութիւն մըն է, զոր պէտք է բաց մնայ Սուրբ Հոգիին առաջարկութիւններուն, Աւետարանի յաւերժական նորութեան եւ այն նշաններուն, որ Տէրը կը շնորհէ մեր կեանքին եւ պատմութեան մարտահրաւէրներու ընթացքին», ըսաւ Ան։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշեց Քարմելիլեան միաբանութեան հիմնադրուհին Մայր Թերեզան այն համոզումը, թէ « խորհրդաւոր եւ ներքին միութիւնը, որուն միջոցաւ Աստուած հոգին կը կապէ իր հետը՝ գրեթէ կնքելով իր սիրոյ հետ կը ներթափանցէ եւ կը փոխակերպէ ողջ կեանքը, առանց առօրեայ զբաղմունքներէն անջատուելու կամ հոգեկան բաներէն փախուստ տալու։

Սրբուհի Թերեզան կը հաստատէ նաեւ որ անհրաժեշտ է լռութեան եւ աղօթքին նուիրուած ժամանակ, սակայն այդ պէտք է հասկնալ, որպէս առաքելութեան աղբիւր եւ այն բոլոր առօրեայ գործերուն զոր Տէրը կը խնդրէ՝ եկեղեցին ծառայելու համար, ըսաւ Սրբազան Հայրը դիտել տալով որ այս ձեւով, հայեցողական կեանքը չ՝ենթարկուիր այն վտանգին, դառնալու հոգեւորական ծուլութիւնը, որ կը շեղէ առօրեայ կեանքի գործերէն, այլ կը շարունակէ ներքին լոյս շնորհել զատորոշումին համար։

Նորին Սրբութիւնը ապա նկատել տուաւ, որ վերանայելու համար սահմանադրութիւնները՝ անդրադառնալով վանքերուն եւ հասարակութեան կեանքի բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն պէտքը կայ լոյսի, որ է Աւետարանի յոյսը, զոր տարբեր է մարդկային հաշուարկներուն վրայ հիմնուած պատրանքներէն ու կը նշանակէ վստահիլ Աստուծոյ, սորվիլ եւ գրել նշանները որ մեզի կուտայ ապագան զատորոշելու համար,

«Չվստահիլ միայն մարդկային եւ պաշտպանական ռազմավարութիւններուն երբ կը խօսքը կը վերաբերի վանք մը փրկելու կամ ձգելու, հասարակական կեանքի եւ կոչումներուն ձեւերուն» յորդորեց Սրբազան Հայրը։ Ան պատգամը աւարտեց քաջալերելով միանձնուհիները յառաջ երթալու աւետարանական յոյսով եւ բոպիկ ոտքերով, այսինքն Աստուծոյ վրայ վստահելու ազատութեամբ։ Ապա Հայցելով Տիրամօր հովանին Ֆրանչիսկոս Պապ օրհնեց ներկաները ու անոնց կատարած աշխատանքները ու հասարակութիւնները ու ինչպէս միշտ խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2024, 10:34