Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Տամա» խաղը միտքը խթանող եւ միասին գտնուելու խաղ է

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «տամա» խաղի իտալական դաշնութեան անդամները ու անոնց ուղղած խօսքը կեդրոնացուց այդ խաղին յատկութիւններուն վրայ, ընդգծելով «տամա» խաղը միտք խթանող եւ բոլորիս հասանելի խաղ է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 26 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Իտալական «տամա» խաղի դաշնութեան անդամները ու անոնց ուղղած պատգամին առանցք եղաւ տամա խաղի յատկութիւնները ըսելով որ այդ խաղը « կը խթանէ միտքը եւ հասանելի է բոլորիս։ Իրականութեան մէջ ան կը պահանջէ միտք, հմտութիւն եւ ուշադրութիւն, բայց ոչ մեծ միջոցներ եւ կառոյցներ» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւեցնելով որ տամա խաղը այն խաղերէն մին է, ուր որ ալ գտնուինք, հեշտութեամբ կրնանք ստեղծել զուարճանքի, հանդիպումի պահ մը ու հարկաւոր են տամայի տախտակ եւ խաղաքարեր, երկու խաղացողներ եւ դա միասին ըլլալու լաւ միջոց է»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա օրինակ բերաւ թէ տամա  խաղը մեր ափերուն հասնող գաղթականներուն ամենատարածուած զուարճանքներէն մին է. անորոշութեան եւ անհանգստութեան իրավիճակի մէջ գտնուող շատ մը եղբայրներ եւ քոյրեր հանգստութիւն կը գտնեն այդ խաղին մէջ, նոյնիսկ զիրենք հիւրընկալող եւ ողջունող մարդոց հետ՝ պարզութեան եւ բաժնեկցութեան մէջ», ըսաւ Սրբազան Հայրը ։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, գեղեցիկ է, որ դուք ուրախութեամբ կը հանդիպիք՝ իրար զիրար ճանչնալու եւ մարզական հոգիով մրցակցելու։ Անհատապաշտութեամբ բնութագրուած աշխարհի մը մէջ, որ երբեմն կղզիանալու վտանգի ենթարկուած է, դա թոյլ կու տայ մաքուր եւ զով օդ շրջանառելու» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Քահանայապետը պատգամը աւարտեց մաղթելով ամէն բարիք եւ քաջալերելով հոգեւոր պահերը միշտ վառ պահել։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան համար խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/04/2024, 09:40