Որոնել

2024.04.05 Incontro Parroci nella Parrocchia di Sant'Enrico a Casalmonastero

Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Հռոմի արուարձանի մէկ ժողովրդապետութիւնը հանդիպելով 35 Քահանաներու հետ

«Casal Monastero-ն Հռոմի արուարձանային տարածք է: «Թաղամաս մը ուր ամուր են սոցիալական կապերը, և որտեղ ծխական համայնքը «միակ կրօնական և համախմբման կենտրոնն է» կը շարունակէ Ան: Կայ Քարիթասը, որ շատ լաւ կ՛ աշխատի, կան բազմաթիւ երիտասարդական խմբեր և կայ սկաուտների լաւ ներկայութիւն»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ուրբաթ 5 Ապրիլ 2024ի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Հռոմի «Casal Monastero» շրջանի Սուրբ Էնրիքօ Ժողովրդապետութիւնը, ուր ժամանեց  15.50 անց ու դիմաւորուեցաւ Հռոմի Հիւսիսային շրջանի օգնական եպիսկոպոս Գերապ. Տանիելէ Սալերայի կողմէ ընկերակցութեամբ ժողովրդապետ Հայր Մասսիմիլիանօ Նեմմայի»։ Լուրը կը կարդանք Հռոմի Թեմին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ ուր նշուած է նաեւ, թէ Նորին Սրբութիւնը հանդիպեցաւ Հռոմի Թեմի այդ շրջանի 35 Քահանաներուն հետ անոնց հետ զրուցելով գրեթէ երկու ժամ տեւողութեամբ։ Հանդիպումի աւարտին Ժամը 17.45-ին Ֆրանչիսկոս Պապը հրաժեշտ առաւ Ժողովրդապետութենէն ու վերադարձաւ Վատիկան։

Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Ռեպիպիա բանտին մատրանապետները, բանտ` զոր Քահանայապետը այցելեց անցեալ հինգշաբթի օր` աւագ Հինգշաբթիին ոտնլուայի արարողութեան առիթով։ Մատրանապետներուն ներկայութիւնը առիթ եղաւ զրուցելու նաեւ յետին աղքատութեան ու բանտարկեալներուն անմխիթար պայմաններու մասին։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ կիներու ներկայութեան Քահանաներու կազմաւորման շրջագիծէն ներս ինչպէս նաեւ ողորմութեան մասին։ Լայն ժամանակ յատկացուեցաւ ապա Յոբելենական ուղեւորութեան։ Քահանայապետը ժողովրդապետական հասարակութենէն խնդրեց «քաջութիւն եւ ստեղծագործութիւն» Սուրբ տարուան պատրաստութեան ժամանակ ու նաեւ այդ յոբելենական ժամանակի ընթացքին առաջարկելու նոր ուղիներ։

Քահանայապետին եւ Քահանաներուն միջեւ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Սանդ՛Էնրիքօ ժողովրդապետութեան թատերասհրաին մէջ։

«Casal Monastero-ն Հռոմի արուարձանային տարածք է՝ «Grande Raccordo Anulare»էն միւս կողմ... Այստեղ կ՛ապրին մարդիկ, որոնք ամէն օր հասարակական փոխադրակարգերուն մէջ կ՛անցնեն 3 կամ 4 ժամ՝ աշխատանքի երթալու և վերադառնալու համար» կը պատմէ Ժողովրդապետութեան Ժողովրդապետը Հայր Մասսիմիալանօ Մեմման որ 12 տարիէ ի վեր կը հովուէ 10 հազար հաւատացեալներէ բաղկացած այդ ժողովրդապետութիւնը:

«Թաղամաս մը ուր ամուր են սոցիալական կապերը, և որտեղ ծխական համայնքը «միակ կրօնական և համախմբման կենտրոնն է» կը շարունակէ Ան: Կայ Քարիթասը, որ շատ լաւ կ՛ աշխատի, կան բազմաթիւ երիտասարդական խմբեր և կայ սկաուտների լաւ ներկայութիւն»:

Քահանայապետին հետ հանդիպման վերաբերեալ հայր Մեմմա տուաւ սոյն մեկնաբանութիւնը. «Միշտ լաւ է քաջալերանք ընդունիլը: Գեղեցիկ է սեփական եպիսկոպոսէն յոյսի խօսք լսելը, այս մէկը մեզի մեծ բարիք եղաւ։ Մենք կը ճանչնանք Ֆրանչիսկոս Պապը եւ կարիքը ունինք անոր ոճին»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2024, 08:00