Որոնել

Հռոմի Առաքելական փոխանորդութեան պալատը Հռոմի Առաքելական փոխանորդութեան պալատը  (Dnalor 01)

Ֆրանչիսկոս Պապ Հռոմի եպիսկոպոսներուն յայտնեց, որ ժամանակ պիտի առնէ Հռոմի թեմի նոր փոխանորդ զատորոշելու համար։

Հռոմի թեմի առաքելական փոխանորդութեան հաղորդագրութիւնը՝ կարդինալ փոխանորդի թափուր պաշտօնի վերաբերեալ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հռոմի թեմի փոխանորդ, կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիսը, շաբաթ, 6 ապրիլին, Աւագ խոստովանահայր անուանուելէ ետք,  երկուշաբթի, 8 ապրիլին, Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հռոմի թեմերու եպիսկոպոսաց խորհուրդին անդամները։

Հռոմի թեմի առաքելական փոխանորդութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Կարդինալ փոխանորդը ունենալով նուրբ պաշտօն մը Ֆրանչիոսկոս Պապ Եպիսկոպոսներու եւ իր համագործակիցներուն յայտնեց թէ ժամանակ պիտի առնէ առողջ զատորոշում կայացնելու համար, թէ ով պիտի վարէ այդ պաշտօնը։

Առաքելական փոխանորդութեան Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի որ Հռոմի թեմէն ներս բացուած է անցումային նոր փուլ մը, որուն համար Ֆրանչիսկոս Պապ «Քաջալերեց եպիսկոպոսները շարունակելու իրենց հովուական ծառայութիւնները եւ նախապէս սկսած իրեն մատակարարական աշխատանքները։

2023 թուականին, յունուար 6ին, առաքելական սահմանադրութեան 14-րդ յօդուածի երրորդ կէտի համաձայն, որ կը վերաբերի Հռոմի փոխանորդութեան կազմակերպման,« Այնքան ատեն որ կարդինալ փոխանորդի պաշտօնը թափուր է անոր բոլոր գործառոյթները եւ լիազօրութիւնները, ներառեալ օրինական ներկայացուցչութիւնը, կ՝իրականացնէ տեղապահին փոխանորդ Պալտասար Ռէյնա։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/04/2024, 10:13