Որոնել

2024.04.10 Santa Messa per i Fedeli di Rito Armeno 1204 2015

Ֆրանչիսկոս Պապին 12 ապրիլ 2015-ի պատգամը հայ ժողովուրդին

«Ձեր ժողովուրդը, լուսաւորուած Քրիստոսի լոյսով ու Անոր շնորհքով, շատ տառապանքներ ու փորձանքներ յաղթահարած է, ոգեւորուած Խաչէն բխած յոյսին (հմմտ. Հռոմ. Ը, 31-39): Ինչպէս ըսած է ձեզի սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.՝ «Տառապանքով եւ մարտիրոսութեամբ թրծուած ձեր պատմութիւնը թանկագին գոհար մըն է, որով հպարտ է ընդհանրական Եկեղեցին» (Ճառ, 21 Նոյեմբեր 1987):
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

12 ապրիլ 2015 թուականը արձանագրուած է հայ ազգի ոսկեմատեաններուն մէջ ու դարձած է պատմութիւն։ Այդ օրը քրիստոնէութեան սիրտ` Հռոմի, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ, ընդհանրական եկեղեցւոյ հովուապետ` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, գլխաւորեց` հայոց նահատակներուն յիշատակին նուիրուած, մեծ Եղեռնի հարիւրամեակին առթիւ մատուցուած Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն ընթացքին ապա, Հայ ազգի անուանի զաւակ եւ կրօնաւոր` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակուեցաւ “Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ”։

Այս առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամ մը յղեց Հայ ժողովուրդին որուն մէջ կը կարդանք.

12 Ապրիլ 2015ին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ պատարագ
12 Ապրիլ 2015ին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ պատարագ

«Սիրելի Հայ եղբայրներ եւ քոյրեր, մէկ դար անցած է այն սահմռկեցուցիչ ջարդէն՝ որ ձեր ժողովուրդին համար եղաւ իսկական մարտիրոսութիւն մը, որուն ընթացքին շատ անմեղներ մեռան, որպէս Քրիստոսի անուան խոստովանողներ ու մարտիրոսներ (հմմտ. Յովհաննէս Պօղոս Բ. եւ Գարեգին Բ., Հասարակաց Յայտարարութիւն, Էջմիածին, 27 Սեպտեմբեր 2001): Այսօր չկայ հայ ընտանիք մը, որ այդ դէպքերու ընթացքին կորսնցուցած չըլլայ իր սիրելիներէն մէկը. այդ իսկապէս եղաւ «Մեծ Եղեռն»ը, ինչպէս դուք կոչած էք այդ ողբերգութիւնը»։

Քահանայապետը պատգամին մէջ ակնարկեց ապա արարողութեան ընթացքին Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակուած սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին, Ժ. դարու վանականը, որ առաւել քան ուրիշներ, «գիտցաւ արտայայտել ձեր ժողովուրդին զգայնութիւնը, ձայն տալով այն աղաղակին՝ որ կը դառնայ աղօթք, մեղապարտ եւ տառապակոծ մարդկութեան մը, որ թէպէտեւ ընկճուած է իր անկարողութեան տագնապէն, սակայն լուսաւորուած Աստուծոյ սիրոյն պայծառութենէն եւ բաց յոյսին՝ Անոր փրկարար միջամտութեան, որ կարող է ամէն ինչ փոխակերպել»:

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ հայ ազգի քրիստոնէական հինաւուրց կոչումի մասին «երբ 301 թուականին սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ դէպի դարձի ու մկրտութեան առաջնորդեց Հայաստան աշխարհը»։

«Ձեր ժողովուրդը, լուսաւորուած Քրիստոսի լոյսով ու Անոր շնորհքով, շատ տառապանքներ ու փորձանքներ յաղթահարած է, ոգեւորուած Խաչէն բխած յոյսին (հմմտ. Հռոմ. Ը, 31-39): Ինչպէս ըսած է ձեզի սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.՝ «Տառապանքով եւ մարտիրոսութեամբ թրծուած ձեր պատմութիւնը թանկագին գոհար մըն է, որով հպարտ է ընդհանրական Եկեղեցին» (Ճառ, 21 Նոյեմբեր 1987):

12 Ապրիլ 2015ին Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ պատարագ
12 Ապրիլ 2015ին Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ պատարագ

«Այս հաւատքը ընկերակցեցաւ ձեր ժողովուրդին եւ զօրավիգ եղաւ անոր՝ նաեւ հարիւր տարիներ առաջ տեղի ունեցող ողբերգական իրադարձութեան ընթացքին, որ «առ հասարակ կը սահմանուի որպէս Ի. դարու առաջին ցեղասպանութիւնը» (Յովհաննէս Պօղոս Բ. եւ Գարեգին Բ., Հասարակաց Յայտարարութիւն, Էջմիածին, 27 Սեպտեմբեր 2001): (AAS, IX [1917], 429)» նշեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ակնարկելով նաեւ Պենետիկտոս ԺԵ. Պապի, որ Առաջին Աշխարհամարտը դատապարտած է որպէս «անօգուտ սպանդ» եւ Մեհմետ Ե. Սուլթանին յղած է գրութիւն մը, «աղերսելով որ խնայուէին անհամար անմեղները (հմմտ. Նամակ, 10 Սեպտեմբեր 1915 թուակիր)։

«Ինքն է որ, 6 Դեկտեմբեր 1915-ին, Կարդինալներու Դռնփակ Ժողովին, սարսռագին սոսկումով հաստատեց՝ «Հայոց թշուառագոյն ազգը դէպի բնաջնջում կ’առաջնորդուի» (AAS, VII [1915], 510)» հաստատեց պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը։

«Պատահածին յիշատակը կատարելը պարտականութիւն մըն է ո՛չ միայն Հայ ժողովուրդին եւ ընդհանրական Եկեղեցւոյ, այլ եւ համայն մարդկային ընտանիքին համար, որպէսզի այս ողբերգութենէն եկող ազդարարութիւնը մեզ ազատէ վերստին իյնալէ նման արհաւիրքներու մէջ, որոնք կ’անարգեն զԱստուած եւ մարդկային արժանապատուութիւնը».... «Բոլոր անոնք` որոնք Ազգերու եւ միջազգային Կազմակերպութիւններու գլուխը կանգնած են՝ կոչուած են հաստատ պատասխանատուութեամբ ընդդիմանալու նման ոճիրներու, առանց երկդիմութիւններու եւ փոխզիջումներու» կոչ ուղղած էր Քահանայապետը մաղթելով նաեւ, որ «այս կսկծալի յիշատակումը, բոլորին համար հանդիսանայ շարժառիթ՝ խոնարհ եւ անկեղծ խորհրդածութեան, եւ դէպի ներողութեան սրտի բացուածքի, որ աղբիւր է խաղաղութեան եւ վերանորոգ յոյսի»։

12 ապրիլ 2015ին Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ պատարագ
12 ապրիլ 2015ին Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ պատարագ

«Բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու վկայութիւնը, որոնք՝ անզէն՝ իրենց կեանքը զոհեցին իրենց հաւատքին համար, իրարու հաղորդակից կը դարձնէ տարբեր յարանուանութիւնները. արեան համամիութիւնն է այս, որ մղեց սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը, 2000 թուականի Յոբելեանին առթիւ, միասնաբար տօնելու Ի. դարու բոլոր նահատակները» յարեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը այդ օրուան արարողութիւնը սահմանելով համամիութենական արարողութիւն որուն կը միանան «աշխարհի վրայ սփռուած բազում հաւատացեալները, երկրի վրայ հայելացնելով այն կատարեալ հաղորդութիւնը, որ կը տիրէ երկնքի երանեալ հոգիներուն միջեւ»:

2015-ը` հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տարին էր։ Հայասէր Ֆրանչիսկոս Պապը քաջ տեղեակ էր՝ թէ ի՞նչ կը նշանակէր այդ թուականը հայութեան համար։ Նախ քան սուրբ պատարագի արարողութիւնը, Սուրբ Պետրոսի խորան բարձրանալով, իր սրտի պատգամը ուղղած էր համայն Հայ ազգի զաւակներուն, այդ յուզումնալից պահը դարձնելով պատմութիւն, առ առաւել, պատմութեան մէկ էջի դատապարտում. Էջի մը` որ հարիւր տարիէ աւելի արիւն կը հոսեցնէ հայու ու մարդկութեան սրտէն եւ վրէժխնդրութիւն ու ատելութիւն կը յառաջացնէ այն անձերուն մէջ, որոնք բարոյական ժառանգորդներ են անոնց` որոնք իրագործեցին տմարդկային ոճիր մը, սպաննելով աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն անմեղ անհատներ եւ որոնք տակաւին չեն ուզեր ճանչնալ ակնյայտ իրականութիւն մը ու ներում հայցել զոհերու զաւակներէն ու անոնց թոռնիկներէն։

12 ապրիլ 2015ին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ պատարագ
12 ապրիլ 2015ին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ պատարագ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2024, 08:28