Որոնել

2024.02.05 Consiglio dei Cardinali C/9

Քահանայապետի Խորհրդական կարդինալներուն հերթական ժողովը. Պատերազմ, Սիւնհոդոս եւ կիներու դերը եկեղեցւոյ մէջ

Ծիրանաւորներն ու Քահանայապետը, մտահոգութիւն յայտնեցին տեղի ունեցածին համար եւ յոյս արտայայտեցին, որ աւելնան բանակցութիւններու և խաղաղութեան ուղիներու բացայայտման ուղղուած ջանքերը։ Խորհուրդին յաջորդ նիստը տեղի կ՛ունենայ 2024 թուականի Յունիսին.
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 16 ապրիլի երեկոյեան` Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը` որուն մէջ կը նշուի թէ.

«15 եւ 16 ապրիլին Վատիկանի Տումուս Սանթա Մարթայի մէջ տեղի ունեցաւ Քահանայապետի խորհրդական Կարդինալներու Խորհուրդի հերթական ժողովը, որուն Քահանայապետին հետ միասին մասնակցեցան Խորհուրդի մաս կազմող կարդինալները եւ Խորհուրդի քարտուղարը»

15 ապրիլի նիստի ընթացքին շարունակուեցաւ Եկեղեցւոյ մէջ կիներու դերի մասին խորհրդածութիւնը, որուն իրենց սատարը բերին, Անարատ Յղութեան միսիոնարներու Միաբանութենէն` Քոյր Ռեճինա տա Քոսթա Փետրոն, որ խօսեցաւ պրազիլցի մի քանի կիներու փորձառութեան ու անոնց պատմութեան մասին, ապա փրոֆ. Սթելլա Մորրան` Գրիգորեան Համալսարանի դասատու որ քննարկեց մշակոյթներու դերը մոլորակի տարբեր վայրերուն մէջ կանանց դերի ճանաչման գործին մէջ:

16 ապրիլի նիստը սկիզբ առաւ Կարդինալ Մարիօ Կրեքի և Գերապ. Փիերօ Քոտայի Սիւնհոդոսի մասին զեկոյցով, եւ «Praedicate evangelium» Առաքելական Սահմանադրութեան իրագործման մասին խորհրդածութիւնէն յետոյ, աւարտեցաւ իւրաքանչիւր կարդինալի զեկոյցով` աշխարհի տարբեր շրջաններու սոցիալական, քաղաքական և եկեղեցական իրավիճակի մասին։

Նիստերու ընթացքին անդրադարձներ կատարուեցաւ - և տարբեր առիթներով աղօթքներ - նուիրուած պատերազմին և հակամարտութիւններուն, որոնք տեղի կ՛ունենան աշխարհի շատ մը վայրերուն մէջ, մասնաւորապէս Մերձաւոր Արևելքի և Ուքրանիայի մէջ:

Ծիրանաւորները, և անոնց հետ Քահանայապետը, մտահոգութիւն յայտնեցին տեղի ունեցածին համար եւ յոյս արտայայտեցին, որ աւելնան բանակցութիւններու և խաղաղութեան ուղիներու բացայայտման ուղղուած ջանքերը։ Խորհուրդին յաջորդ նիստը տեղի կ՛ունենայ 2024 թուականի Յունիսին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2024, 08:00